Ըստ Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Փոխնախագահին. Հոլլանտ Կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Նպաստել
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Պիւլենթ Կետիքլի ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վրայ ազդեցութիւն ունենալ:
Յիշեցնելով, որ Ֆրանսան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ է, երեսփոխանը նշած է, որ Մինսքի խմբակը պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ իր ջանքերը աշխուժացնէ, որովհետեւ «որքան արագ լուծուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, այդքան արագ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի հաստատուի»:
«Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ բաւականաչափ արդար չէր: Ես կը հաւատամ, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ այս հարցին մէջ աւելի ուշադիր պիտի ըլլայ», ըսած է թուրք երեսփոխանը:
Ըստ Կետիքլիի, Անգարա ապագային եւս Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծման համար ջանքեր պիտի ներդրէ: «Թուրքիան միշտ կարեւոր նկատած է դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւնները եւ կը փափաքի, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ըլլայ: Ատիկա Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է», ըսած է ան:


