Ըստ Դաւիթ Ջամալեանի Ազրպէյճանի Զինուորական Գործողութիւնները Զսպող Հիմնական Միջոցը Արցախի Ճակատային Կառոյցն Է
Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները զսպող հիմնական միջոցը Արցախի ճակատային կառոյցն է, որ մենք ձեռք բերած ենք հրադադարի արդիւնքով: Այս մասին երէկ յայտարարեց զինուորական փորձագէտ Դաւիթ Ջամալեան:
«Արցախի այսօրուան ռազմաճակատը շատ մօտ է Ազրպէյճանի ամէնէն կենսական, տնտեսական ենթակառուցուածքներուն, ինչպէս նաեւ հաղորդակցական ճանապարհներու կարեւոր հանգոյցներուն: Զինուորական գործողութիւններու վերսկսման պարագային կայ շատ մեծ հաւանականութիւն, որ հակայարձակման պարագային մեր ուժերը կրնան դուրս գալ Կոր գետ եւ կտրել Ազրպէյճանի արեւելքը արեւմուտքէն», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ասիկա այն դիպաշարն է, որ ինկած է Արցախի բանակի զօրավարժութիւններու հիմքին մէջ, ինչ որ Ազրպէյճանը շատ լաւ կը հասկնայ:
Դաւիթ Ջամալեան զինուորական ճակատի երկրորդ առաւելութիւնը նկատեց այն, որ Արցախի հիւսիսի ռազմաճակատի գիծը կ՛անցնի Մրաւի լեռնաշղթայով, որ մեզի մեծ առաւելութիւն կու տայ` հակառակորդին համար մեծ տարողութեամբ զինուորական սարքերու օգտագործումը անկարելի կը դարձնէ:


