Բակօ Սահակեան Եւ Շաւարշ Քոչարեան Քննարկած Են Հայաստան – Լեռնային Ղարաբաղ Փոխադարձ Գործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի հետ:

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հաղորդագրութեան, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաջանեան:

 

Share this Article
CATEGORIES