Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի Հետ

Սարգսեան եւ Մետվետեւ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր Ռուսիա կատարած իր աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ: Մետվետեւ իբրեւ Ռուսիոյ վարչապետ ողջունած է Սերժ Սարգսեանը եւ յոյս յայտնած, որ նախապէս ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը եւ երկու երկիրներուն միջեւ ջերմ փոխյարաբերութիւնները ապագային եւս կը զարգանան:

Ռուսիոյ վարչապետը, առիթը օգտագործելով, շնորհաւորած է Սերժ Սարգսեանը` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան յաղթանակին առիթով:

Ան յոյս յայտնած է, որ խորհրդարանին մէջ կուսակցութեան ունեցած մեծամասնութիւնը երկրին առջեւ դրուած ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման կարելիութիւն ստեղծէ:

«Որպէսզի ատիկա Հայաստանի, իբրեւ պետութեան անընդհատ զարգացման գրաւականը դառնայ», ըսած է Տմիթրի Մետվետեւ` նշելով, որ Ռուսիա ապագային եւս աջակցի Հայաստանին:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, նշելով հանդիպման կարեւորութիւնը, Տմիթրի Մետվետեւին նոր պաշտօնին մէջ յաջողութիւն մաղթած է:

Share this Article
CATEGORIES