Գերմանացի Երեսփոխան Մը Պաքուի Մէջ Կը Յայտարարէ. «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը Պէտք Է Լուծուի Ինքնորոշման Իրաւունքի Սկզբունքին Հիման Վրայ»
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ խորհրդարանի եւ Կանաչներու կուսակցութեան անդամ Ֆոլքեր Պեք երէկ Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը կը տեսնէ միմիայն խաղաղ ճանապարհով:
Ժողովրդավարութեան նուիրուած ձեռնարկի մը ժամանակ ան յայտարարած է, որ խնդիրի լուծումը պէտք է տեղի ունենայ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին հիման վրայ` տարածքային ամբողջականութեան պահպանման մասին ոչ մէկ խօսք ըսելով, ինչ որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն զայրոյթը յառաջացուցած է:
CATEGORIES Հայկական


