50 Տարի Առաջ ( 18 մայիս 1962 )
Հայկական Կեանք
Գոհար Գասպարեան
Տաղանդաւոր Երգչուհին
Գահիրէէն Պէյրութ ժամանեց երէկ գիշեր եւ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ հռչակաւոր երգչուհի Գ. Գասպարեան:
Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր» տաղանդաւոր արուեստագիտուհիին մասին կը գրէ.-
Գոհար Գասպարեան, իբրեւ օժտեալ արուեստագիտուհի, ծանօթ էր արդէն եգիպտահայութեան եւ լայնօրէն գնահատուած` հայ թէ օտար շրջանակներուն մէջ, տարիներ առաջ:
Այսօր, տարիներ ետք, իր զոյգ երգահանդէսներով անգամ մը եւս ապացոյցը տուաւ իր անվիճելի տաղանդին: Հաստատեց նաեւ, թէ ինք այն բացառապէս օժտուած արուեստագիտուհիներէ է, որ գիտէ տեւաբար վերանորոգուիլ եւ կատարելագործել իր արուեստը` նորանոր նուաճումներ կատարելով:
Արդարեւ, Գոհար Գասպարեան մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրած է իր ձայնի մշակման, թեքնիքի զարգացման եւ արուեստի կատարելագործման մարզին մէջ:
Եւ շնորհիւ այս յառաջդիմութեանց ու իր արուեստագիտուհիի փայլուն շնորհներուն, անշուշտ, յաջողած է տիրանալ միջազգային համբաւի` պանծացնելով միաժամանակ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անունը:
Հայրենի արուեստագէտներուն մէջ ամէնէն արժանաւորներէն եւ ամէնէն օժտուածներէն է Գոհար Գասպարեան: Ունի շունչ ու շնորհ, արուեստագէտի խոր ըմբռնողութիւն ու զգայնութիւն: Հաղորդական է ու վարակիչ իր արուեստը: Կ՛ապրի ու կ՛ապրեցնէ իր երգերը, կը խռովէ ու կը լիացնէ:
Իրաւ արուեստագիտուհի մը, որով կրնայ հպարտ զգալ հայութիւնը:
Գիտական Ցուցադրութիւն
Հայկազեան Քոլեճին Մէջ
Հայկազեան քոլեճին մէջ ամսոյս 18-ին եւ 19-ին, կէսօրէ վերջ ժամը 3:00-9:00 տեղի պիտի ունենայ գիտական ցուցադրութիւն մը` կազմակերպուած նոյն քոլեճի գիտական ակումբին կողմէ: Պիտի ցուցադրուին մինչեւ հիմա արձակուած հրթիռներու նմուշներ եւ կարգ մը ապագայ ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ` երկու յարկանի հրթիռի մը արձակումը, որ ծրագրուած է ամսոյս վերջերը: Պիտի ցուցադրուին նաեւ գիտական գիրքեր եւ նորութիւններ, ինչպէս նաեւ` ճարտարարուեստական պիտոյքներ: Սոյն ցուցադրութիւնը բաց պիտի ըլլայ հասարակութեան առջեւ եւ նպատակն է քաջալերել եւ արթնցնել գիտական ըմբռնումը ժողովուրդին մէջ:
Հայր Մըսըրեան Ի Պատուի
Հայ Դպրութեան Անխոնջ Սպասաւորը
Լիբանանեան «Արժանեաց» Շքանշանով
Պարգեւատրուեցաւ
Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, թէ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արեւելագիտութեան եւ հայագիտութեան ամպիոնի անխոնջ մշակը` հայր Յովհաննէս Մըսըրեան անցած երեքշաբթի իրիկուն, ժամը 6:30-ին, նոյն համալսարանի Ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցած տպաւորիչ արարողութեան մը ընթացխին պարգեւատրուեցաւ լիբանանան «Արժանեաց» շքանշանով` ի վարձատրութիւն բազմամեայ իր գործունէութեան, Լիբանանի, արեւելագիտութեան եւ հայագիտութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին մատուցած իր ծառայութիւններուն:
Հնութեանց տնօրէն Մորիս Շեհապի կողմէ կատարուած տուչութեան այս հանդէսին ներկայ եղան պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ պէյրութահայ մտաւորականներ:
Կրթական նախարարը իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց հայր Մըսըրեանը, շեշտեց անոնց մատուցած ծառայութիւնները` միաժամանակ դրուատելով հայ ժողովուրդը իր աշխատասիրութեան եւ Լիբանանի վերելքին իր բերած անփոխարինելի մասնակութեան համար:
Հայր Մըսըրեան ակնյայտ յուզումով մը շնորհակալական ուղերձ մը կարդաց` ուղղուած Հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան` անոնց բարձր գնահատման եւ բարեացակամ վերաբերումին համար:
Շքանշանի տուչութենէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

