Սա Տաքարիւնութիւն Չէ
ՊԵՐՃ Թ.
Հայաստանի եւ սփիւռքի դիմագիծը կը յեղաշրջուի եւ տակաւին ենթակայ է արմատական փոփոխութեան: Դասական եւ անճարակ քաղաքականութեան զուգահեռ, այսօր դժբախտաբար չի զարգանար առողջ եւ յառաջդիմական գաղափարներու տէր զանգուած մը:
Հայութիւնը ոչ մէկ ձեւով յեղափոխական շունչի վերակենդանացման հանգրուան կ’ապրի: Ուստի անիմաստ է եւ ապարդիւն այս նոր իրականութեան մօտենալ հին եղանակով:
Բնականաբար կարելի է անտեսել ներկայ իրադարձութիւնը, փորձել չտեսնել հայու ստրկացման դրսեւորումը, սակայն այս մէկը հարցին որեւէ լուծում չ’ապահովեր: Իրականութենէն խուսափիլը անհնարին է:
Անկարելի է, որ որեւէ գաղափար արմատ ձգէ ժողովուրդին մէջ, եթէ չկայ անոր համապատասխան հիմք` գաղափարը ծնող ու զարգացնող: Մեր իրականութեան մէջ օրէ օր կը սրի ընկերային դասակարգերու միջեւ պայքարը: Այսպէս կոչուած ղեկավար խաւը ի գործ կը դնէ ամէն միջոց` «ողջակիզելու» մնացեալը, պահելով այնքան, որքան պէտք է իր անհեռատես գոյութեան:
Արդէն իսկ շատոնց պատերազմ յայտարարուած է յեղափոխութեան դէմ, այնքան մը, որ մենք համոզուեցանք, որ բոլորովին անիմաստ դարձած այլընտրանք մըն է ան:
Հեռու կը մնանք անկէ` պատճառաբանելով ներկայ արտաքին կացութիւնները, չընդունելով այն իրողութիւնը, որ տարիներու ընթացքին մենք ալ ստրկացած ենք այնքան , որ բաւարար է մեր ստրկութիւնը ներկայ համակարգերու ազատ գործունէութեան, չանդրադառնալով այն իրողութեան, որ երբ մտքի ամէնէն փոքր բջիջիդ մէջ կայ յեղափոխութեան կարիքը, արդէն իսկ յեղափոխութիւնը դարձած է իրականութիւն:
Ոչ մէկ յեղափոխութիւն նախապէս կը գծէ հարիւրամեայ ծրագիր, ոչ մէկ յեղափոխութիւն առաջքը կ’առնէ գալիք դաժան օրերուն:
Յեղափոխութիւնը լաւապէս ուսումնասիրուած ինքնաշարժ մը չէ` քեզ հասցնելու այբ կէտէն բեն կէտ:
Մի՛ խայտառակէք յեղափոխութիւնը` զայն բարձրացնելով ազնուական աստիճանի:
Յեղափոխութիւնը մեքենայ է` յառաջ ընթացող: Յեղափոխութիւնը մեքենայ է` խոչնդոտ ոչնչացնող:
Յեղափոխութիւնը կենաց մահու հարց է: Եւ նոյնինքն այդ պատճառով զայն անտեսելն ու մոռացութեան մատնելը անկարելի է:
Հասկնալի են Հայաստանի եւ սփիւռքի վատառողջ վիճակի դժուարութիւններն ու պայմանները, սակայն ստրկացման հարցը դարձած է հրամայական մը, որ կը պահանջէ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն:
Ինչո՞ւ Յեղափոխութիւն
Պարզ է: Իշխող դասը անկարող է լուծելու իր հարցերը դրամատիրական քաղաքականութեամբ: Յեղափոխութեան առարկայական պայմանները կրկին ու կրկին վերելք կ’արձանագրեն: Ճիշդ է, որ մենք չենք զանոնք ստեղծողը, սակայն կրնանք ստեղծել ենթակայական գործօնը:
Իսկ մենք ահաւասիկ աւելի քան 20 տարի է, որ նոյն խօսքերը կը հոլովենք` պաշտպանելով դանդաղ բարեկարգումներու ընտրանքը, հեռանալով, բացակայելով մեր առաջնահերթ գործելադաշտէն, կամ, ներկայութեան պարագային, ունենալով նուազագոյն գործունէութիւնը: Սակայն չենք անդրադառնար այն իրողութեան, որ ոչ մէկ արմատական, ոչ իսկ շօշափելի աշխատանք տարած ենք երկրին մէջ:
Երկու տրամաբանական բացատրութիւններ կրնան ըլլալ այս վիճակին:
Կամ այն է, որ Հայաստանի իրողութիւնը չի ներեր ժողովրդավար փոփոխութիւն կատարել, բարեկարգում յառաջացնել, կամ այն է, որ մեր գործունէութիւնը դարձած է տափակ, մակերեսային աշխատանք, որ ոչ մէկ փոփոխութիւն կ’ապահովէ:
Ամենացամաք ամենատափակ ձեւով փորձենք վերլուծել առաջին կացութիւնը:
Բաղադրիչներ` սակաւապետական վարչակարգ, ստրկացման քաղաքականութիւն, դիմացը գործունեայ քաղաքական կազմակերպութիւն, առողջ յառաջդիմական գաղափարներ, դիւանագիտական գործունէութիւն, ժողովրդավար քաղաքականութիւն:
20 տարուան ընթացքին ոչ մէկ շօշափելի փոփոխութիւն:
Իրավիճակ` տարեկան աւելի քան 60,000 քաղաքացիի արտագաղթ, տնտեսական ահաւոր վիճակ, մտային ստրկացում, ազգային ջիղի ոչնչացում, ազգային արժէքներու սրբապղծում:
Եթէ պարզապէս գումարենք բաղադրիչները ներկայ իրավիճակին հետ եւ անոնց արդիւնքը փորձենք փնտռել վերջին երկու Ազգային ժողովներու պատկերներուն մէջ, պիտի նկատենք, որ ոչ միայն յառաջխաղացք արձանագրած չենք, այլ` ահաւոր նահանջ մը:
Ազգային ժողովի ներկայութեան թիւ մը, գոյութեան առարկայական պատկեր մը, որ կ’ապահովէ նախապէս յիշուած սակաւապետներու գոյութիւնը` ոչ համոզիչ ձեւով մը ամրապնդելով անոնց ժողովրդավար գործունէութիւնը:
Պատկերն ա՛յս է: Գայլերը մնացին կուշտ, եւ ոչխարները` ողջ:
Այս թափով կարելի չէ երեւակայել որեւէ յառաջխաղացք առնուազն յառաջիկայ 3-4 շրջաններուն:
Թուային պզտիկ բացատրութիւն մը: 1 շրջան = 4 տարի, 4 շրջան = 16 տարի, ներկայ շրջան + 16 տարի= 2032:
Վերադառնալով տուալներուն, տարեկան 60,000 գաղթի թիւը 2032-ին կը հասնի 1,200,000-ի, որ հաւանաբար չի կրնար նկատուիլ առարկայական թիւ, սակայն բնականաբար պիտի մնայ արտառոցութեան սեմին: Ասոր գումարելով միմիայն տնտեսական ահաւոր վիճակը` կրնանք պատկերացնել, թէ ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ Հայաստանը 2032-ի սեմին:
Հարկ է նշել որ վերոյիշեալ թիւերը քիչ թէ շատ հիմնուած են նախորդ քանի մը տարիներու տուալներուն վրայ, որոնք գրեթէ անփոփոխ մնացած են, ինչպէս, օրինակ, գաղթի թուային տուալը, տնտեսական նահանջը®
Կայ նաեւ այն կարելիութիւնը, որ նախքան այս 4 շրջաներու բոլորումը, տեղի ունենայ արտաքին արտակարգ իրավիճակ` բոլորովին փոխելով Հայաստանի ներքին կացութիւնը: Սակայն ընդունինք, որ այդ մէկը յուսալով` մենք վստահած կ’ըլլանք պատահականութեան, որ անհեթեթ է այսպիսի կացութեան մէջ:
Անցնինք երկրորդ կացութեան:
Առաջին բաղադրիչներուն ցանկը կը մնայ անփոփոխ: Սակաւապետական վարչակարգ, ստրկացման քաղաքականութիւն, անկէ պակսելով գործունեայ յառաջադէմ գաղափարներու տէր քաղաքական կազմակերպութիւն մը: 2032-ն կը դադրի ըլլալէ յոյսի նշոյլ, այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ այդ գործօնի բացակայութիւն խթան կը հանդիսանայ որեւէ մէկ տեսակի փոփոխութեան:
Եզրակացութիւնը այն է, որ մենք կը գտնուինք ճգնաժամային կացութեան մէջ:
Պէտք է մտածել այլընտրանքներու մասին:
Դիւանագիտութեան եւ յեղափոխութեան միջին լուծում չկայ: Լաւագոյն պարագային յեղափոխութեան ընթացքին յատուկ եւ ճշգրիտ հանգրուանի մը միայն կարելի է դիւանագիտական քաղաքականութիւն վարել: Սակայն հակառակը գրեթէ անկարելի է:
Այլընտրանքը կը սահմանուի յեղափոխութեան օղակին մէջ:
Ի՞նչ է յեղափոխութինը:
Նշենք, որ մեծամասնութիւնը սխալ ըմբռնած է յեղափոխութեան գաղափարը:
Կը շփոթենք յեղափոխութիւնը ապստամբութեան հետ: Գետնի վրայ զինեալ ներկայութիւն, ահաւոր զինարձակը եւ այլն, եւ այլն, ինչպիսին է պարագան արաբական աշխարհի ապստամբութիւններուն:
Ապստամբութիւնը հանգրուան մըն է յեղափոխութեան:
Մինչդեռ յեղափոխութիւնը կարելի է նմանցնել յղութեան, որ երկարատեւ գործնթաց մըն է, որ կը սկսի ծրագրումով, կ’անցնի գործի եւ կը հոլովուի ու կը զարգանայ ժողովուրդին արգանդին մէջ:
Ո՞վ կը գիտակցի անոր:
Քիչեր: Սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ յեղափոխութիւնը անհնարին եւ անիրագործելի է:
Մնանք նոյն բաղդատական պատկերին մէջ:
Յղութեան առաջին քանի մը օրը կամ շաբաթը անկարելի է նկատել իրավիճակը: Սակայն այդ մէկը կարելի է փաստել գիտութեամբ: Աւելի ուշ նոյնինքն թաքուն կացութիւնը բացայայտ իրականութիւն կը դառնայ նախ յղի անձին մօտ, եւ ապա` հանրութեան: Նոյն է յեղափոխութեան պարագան: Գետնի վրայ կան առարկայական գործօններ, սակայն ոչ` զանգուածային գիտակցութիւն:
Պատճառը այս է, որ յօդուածին սկիզբը նշուեցաւ այն իրողութիւնը, որ կ՛ըսէ, թէ գաղափար մը անկարելի է, որ արմատ ձգէ ժողովուրդին մէջ եթէ չկայ անոր համապատասխան հիմք` գաղափարը ծնող ու զարգացնող:
Ո՞վ պիտի ծնի յեղափոխութիւնը:
Կարծէք անխուսափելի է շարունակել նոյն բաղդատական պատկերը:
Ամորձիքներն ու արգանդը անհրաժեշտ են ծնունդի:
Նոյնն է պարագան յեղափոխութեան: Իսկ եթէ վերոյիշեալ բաղադրանքները չունինք, ժամն է ալ զանոնք կերտելու:
Սա, մարտահրաւէր է:

