Անխուսափելի Ճակատամարտի Մը Սեմին (Դ. Բաժին)
ՏՕՆԻԿ Տ.
Ճակատամարտը անխուսափելի է: Արդէն իսկ ճակատամարտ է: կը գտնուինք վերջին հարուածը տալու-ստանալու հանգրուանի սեմին: Ընդամէնը երկու ընտրանքներու առջեւ կը գտնուինք, կա՛մ կը գիտակցինք հայկական վարժարանի մը գոյութեան կարեւորութեան` մեր ազգային կեանքին մէջ, իր դերակատարութեանը` հայակերտման եւ հայապահպանման գործընթացին մէջ, եւ ըստ այնմ կը գործենք` հայկական վարժարանի անվտանգութեան ապահովումը գերադասելով մեր բոլոր յարանուանական, հատուածական եւ դասակարգային պատկանելիութիւններէ, կա՛մ տարիներու արագընթաց շարժումին հետ ազգովին կը շարունակենք մեր երթը` ընթացքին բոլոր կողմերէն հարուածներ ստանալու նախատեսութեամբ, որուն արդիւնքը անպայման պիտի ըլլայ կորուստը` հաւաքականութեան մահը:
Ահա թէ ինչո՛ւ կը գտնուինք անխուսափելի ճակատամարտի մը սեմին:
Յօդուածաշարքը երկարելու, անդադար խօսելու, հարուածելու, յանցաւորներ որոնելու, ապագայի հաշուոյն գուշակութիւններ ընելու, ախտաճանաչումի եզրեր փնտռելու շատ լայն տեղ ունինք. սակայն ի՞նչ արժէք ունին այս բոլորը, ի՞նչ արժէք ունին թիւերը, վիճակագրական տուեալները, վարժարաններու միջեւ բաղդատական պատկերները, երբ զգալի տագնապ մը յառաջացուցած չեն մեր անմիջական շրջանակին մէջ, նուազագոյնը` ուղղակիօրէն այս մարզին մէջ «աշխատողներու» շարքերուն մէջ: Առաջին պատասխանը` ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն. անոնք միայն հարցին ահաւորութիւնը կրնան ցոյց տալ, երբ հիմնական խնդիրն այն է, որ տակաւին գիտակից չենք, թէ ճակատամարտը անխուսափելի է, արդէն իսկ ճակատամարտ է …
Անհերքելի իրողութիւն է, թէ լիբանանահայ վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւնները բազմերես են, հայեցի դաստիարակութեան ջամբումի, հայերէնով դասաւանդուած պահերու քանակական տարբերութիւններով, հայ աշակերտութեան հոսքը դէպի օտար վարժարաններ եւ անոր հետեւանքը` հայկական վարժարաններուն մէջ հայ աշակերտութեան թիւի նուազում, հայ ուսուցիչներու, հայերէն դասագիրքերու, եւ ուրիշ այլ հարցերու կողքին կ՛աւելնայ հիմնական խնդիր մը` նիւթականը: Ամիսներ առաջ «Զաւարեան» ուսանողական գրասենեակին կազմակերպած հանդիսութեան մը ընթացքին ուշագրաւ տեղեկութիւն մը տպաւորեց զիս, երբ Պաքալորէայի բարձրագոյն նիշեր ապահոված հայ աշակերտութիւնը պարգեւատրուեցաւ, օրուան բանախօսը յայտնեց, թէ` «Լեռնալիբանանի մէջ գտնուող օտար վարժարան մը կը յաճախեն մօտաւորապէս 300 հայ աշակերտներ, որոնք տարեկան 5000 տոլար կրթաթոշակ կը վճարեն, ընդհանուր գումարը` 1.5 միլիոն տոլար»: Բաւարար գումար մը մեր վարժարանները կանգուն պահելու … նոյն այս մտահոգութեան ծիրին մէջ հայկական վարժարանի մը տնօրէնը կ՛արտայայտուի` ըսելով. «Եթէ մեր վարժարանը յաճախող 200 աշակերտներու ծնողները դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին 1000 տոլար վճարեն (ամսական 100 տոլար) մենք նիւթական հարց երբեք չենք ունենար … իսկ եթէ կարողանանք դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին 400-500 հազար տոլար գումար մը գոյացնել, դպրոցը տարեկան բարենորոգումներ կրնայ ունենալ…»:
Վերոնշեալէն կարելի է եզրակացնել, թէ հայկական վարժարաններու հանդէպ նախկին գուրգուրանքը տեղի տուած է այլ «արժէքներու» դիմաց: Նոր խնդիր մը կու գայ հաստատաելու այս երեւոյթը, երբ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ, Լիբանանի հայկական վարժարանները կամաց-կամաց մոռացութեան կ՛ենթարկուին (կարգ մը վարժարաններ նպաստ ստանալու բարիքը շատոնց կորսնցուցած են արդէն, իսկ ուրիշներու պարագային նուազած է կէսի), ինչ որ ապշեցուցիչ է հայկական հաստատութեան մը համար, որ տարեկան միլիոնաւոր տոլարներ կը նուիրէ, օտար ափերու մէջ, այլ ծրագիրներու համար:
Ուրեմն, հիմնականը եւ կարեւորագոյնը խնդիրը առ երեւոյթ նիւթական է, սակայն վստահաբար միակը չէ, միակը գիտակցութիւնն է: Պէտք է գիտակցիլ եւ հաւատալ, որ եթէ զէնքով կ՛ազատագրուին հողային տարածքներ, կը կերտուին հայրենիքներ, ապա հայկական վարժարանը հայութեան համար աւելի քան զէնք է: Այս գիտակցութեամբ պէտք է զինուինք բոլորս անխտիր, գիտակցինք, թէ սփիւռքի մէջ ա՛յս է մեր միակ ճակատամարտը … անխուսափելի ճակատամարտը…

