Լուսարձակ. Ծնողական Պարտաւորութիւններ
Հ. Պ.
Կրկնակի ուրախութիւն եւ հպարտութիւն պատճառող առիթներ չեն պակսիր բարեբախտաբար, երբ հայ վարժարանի աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարբեր տեսակի մրցոյթներու եւ կ՛արձանագրեն պատուաբեր արդիւնքներ:
Այս պարագային խօսքը կը վերաբերի հայկական միջվարժարանային նախաձեռնութեան մը` հայերէն գիրքերու պատրաստութեան, որուն ծիրին մէջ ճշդուած դասարանի (7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ) աշակերտներ կը նախաձեռնեն վերոնշեալ աշխատանքին` հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչի թելադրութեամբ եւ մղումով, եւ, ընտրելէ ետք նիւթն ու անոր յարակից մանրամասնութիւնները, կը լծուին հաւաքական աշխատանքի, պատրաստելու համար իրենց պատկերացուցած գիրքը, որ կրնայ բովանդակել զիրենք հետաքրքրող նիւթ մը կամ տեղեկութիւն փոխանցող աշխատութիւն:
Ի դէպ, Համազգայինի գրատարածին ու հրատարակչատան այս նախաձեռնութիւնը գնահատելի է իր յղացքով եւ ողջունելի` իր նպատակաուղղուածութեամբ: Հարկ է յիշել, որ տուեալ նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ նաեւ կը կատարուին ընթերցանութեան (հայերէնի, արաբերէնի, անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի) մրցոյթ` նախակրթարանի աշակերտութեան խանդավառ մասնակցութեամբ եւ համապատասխան դատական կազմի հսկողութեան ներքեւ:
Ճիշդ է, որ նման արտադասարանային աշխատանքներ կը միտին քաջալերել հայ աշակերտը ընթերցանութիւն կատարելու ու ստեղծագործելու ոգիին յղացք տալու, ծանօթանալու հայ ազգային արժէքներու եւ մշակութային գանձերու, այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է, որ նման ձեռնարկներ ընդգրկեն աւելի լայն տարողութիւն, մրցանակի թէկուզ համեստ (նիւթական), բայց շօշափելի արտայայտութիւն, ու մանաւանդ` յաւելեալ կազմակերպուածութիւն, խուսափելու համար անախորժ կացութիւններէ:
Առանձնապէս իբրեւ ծնողք գնահատելի կը գտնենք մեր վարժարանին` Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վաժարանի աշակերտներու մասնակցութիւնը սոյն մրցոյթներուն: Փաստօրէն, տարբեր դասարաններու աշակերտներ արժանացան պատուաբեր մրցանակներու:
Այս բոլորին մէջ բնորոշելին կը մնայ այն, թէ հայ դաստիարակին հսկողութեամբ, համբերատար մօտեցումով եւ քաջալերանքով կատարուած ամէն նուիրական աշխատանք, անպայմա՛ն որ իր բարերար անդրադարձը կ՛ունենայ հայ աշակերտի հոգեմտաւոր զարգացման մէջ, այլապէս ամրապնդելով անոր ստեղծագործելու շնորհներն ու մասնակցութեան խայծերը:
Բոլորի վարձքը կատար:

