ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Խմբապետական Սեմինար
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի խմբապետական կազմը 12-13 մայիս 2012-ին կազմակերպած էր դաստիարակչական սեմինար մը Այն Ար շրջանի «Մարիա Փոլ»-ի հանգստարանին մէջ. սոյն սեմինարին մասնակցեցան մասնաճիւղի խմբապետական կազմէն 15 քոյր եղբայրներ:
Սեմինարը կ՛ընդգրկէր սկաուտական, դաստիարակչական, կազմակերպչական եւ ընդհանուր զարգացման եւ այլազան նիւթեր:
Լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան իրավիճակին մասին խօսեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Ներկայացուեցան նաեւ յայտագիր մը ներկայացնելու ձեւերուն, կանոնագրային պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն, ՀՄԸՄ-ի ժողովներու ձեւերուն եւ օրէնքներուն վերաբերող նիւթեր:
Դասախօսներն էին` Յակոբ Չպլաքեան, Սեդա Պէշլեան, Ֆետի Թաժրա, Ֆուատ Մուրատեան, մեթր Ժեռար Ժերմենոս, ֆետերասիոնի խմբապետ Պահաա Դիմանի:
Սեմինարի երկու օրերու ընթացքին մասնակցողները առաւելագոյն ձեւով օգտուեցան իրենց մատուցուած նիւթերէն եւ ընկերային մթնոլորտով անցուցին անմոռանալի ժամեր:
Սեմինարը փակուեցաւ վկայագիրներու բաշխումով եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

