Մեր Խօսքը
Աշխարհագրական իր դիրքով Հայաստանին համար անփոխարինելի կարեւորութիւն ունեցող հողատարածքն է Ջաւախքը:
Պատմական Հայաստանի տակաւին կալանաւոր մնացած մասին մէջ միակ հայահոծ եւ հայկական մնացած շրջանն է Ջաւախքը այսօր:
Ջաւախքը այն շրջանն է, ուր հայ մարդը ամէնէն աւելի հալածուածն է այսօր:
Ուրեմն, ամէնէն աւելի օրհասական ազգային մարտահրաւէրներէն մէկն է Ջաւախքը այսօր:
Այս հաստատումները, սակայն, դժբա խտաբար, իրենց ցոլացումը պէտք եղածին պէս չեն գտներ մեր գաղութային կեանքէն ներս:
Սովորութեան կարգի անցած առիթներուն, տօնախմբութիւններուն, ձեռնարկներուն, հրատարակութիւններուն դիմաց, անշուք կը մնայ Ջաւախքը, գաղութի ազգային կեանքի ընդհանուր պատկերին մէջ:
Ջաւախքի գծով զգուշաւոր քաղաքականութիւնը հասկնալի է անշուշտ, սակայն հասկնալի չէ Ջաւախքի գոյութենէն շատերու անտեղեակ ըլլալու երեւոյթը: Հասկնալի չէ Ջաւախքի գծով նուազագոյն քարոզչութեան, թէկուզ նուազագոյն ներքի՛ն քարոզչութեան խոցելի ըլլալը:
Խօսքը տակաւին միայն քարոզչութեան ու դաստիարակչական աշխատանքի մասին է:
Սոյն էջով կու գանք մեր համեստ լոյսը սփռելու Ջաւախքի հարցին, ներկայացնելով նամակ-յօդուած մը, որ մեզի հասաւ ուղղակի ջաւախահայ բարեկամէ մը, եւ` Ջաւախքին վերաբերող մեր այս խօսքը:
Ահաւասիկ Ջաւախքի իրականութիւնը` մեր օրերուն ամփոփ տողերու մէջ: Պարզ է, որ այս ներկայացուածով չի սահմանափակուիր ու չի բացատրուիր տակաւին մեր սիրելի Ջաւախքի դառն, բայց ոչ անյոյս, իրականութիւնը:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, ինչպէս անկախացած երկիրները, նոյնպէս ալ Վրաստանը եւ յատկապէս Ջաւախքի բնակչութիւնը գտնուեցան ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններու մէջ, որոնք մինչեւ օրս կը մնան անլուծելի:
1999-ին Վրաստանի կառավարութեան որոշումը` անդամակցելու Եւրոպական Միութեան, յոյս ներշնչեց ջաւախահայութեան: Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու համար Վրաստանը պէտք էր ամբողջացներ «եւրավայել» չափանիշներ: Վրաստանի խորհրդարանը ստորագրեց համաձայնագիրներ, որոնց կարգին` փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշպանելու պարտաւորութիւնը:
Բայց եւ այնպէս Ջաւախքի մէջ ինքնակառավարման, ընկերային-տնտեսական եւ կրթամշակութային հիմնախնդիրները մնացին անլուծելի:
Երեւութապէս ժողովրդավարութիւն բուրող Վրաստանի վարչական ինքնակառավարման համակարգը այսօր խափանուած է: Ինչպէս Վրաստանի ամբողջ տարածքին, նոյնպէս ալ Ջաւախքի մէջ չկան ժողովուրդին կողմէ ընտրուած մարմիններ: Աւելի՛ն. կայ խտրականութիւն եւ ջաւախահայութեան լուսանցքայնացում: Ջաւախահայ ներկայացուցիչներուն թիւը պետական թէ շրջանային մակարդակի վրայ օրըստօրէ կը նուազի: Մինչ շրջանային մարմինները կը մնան ուղղակիօրէն կախեալ ներկայ կեդրոնացեալ իշխանութիւներէն:
Ընկերային եւ տնտեսական մակարդակի վրայ, գիւղատնտեսութեան ծանր վիճակին (հողին անբերրի ըլլալուն պատճառով) եւ աշխատատեղիներու բացակայութեան պատճառով արտագաղթը օրէ օր կը սաստկանայ:
Վրացական պետութեան կողմէ, կանխամտածուած կերպով, Ջաւախքի մէջ ընկերային եւ տնտեսական պայմանները բարելաւելու համար ծրագիրներ չիրականացնելու որոշումը աւելի եւս կը սաստկացնէ աղքատութիւնը, հետեւաբար ջաւախահայութեան յուսալքումն ու արտագաղթը:
Կրթամշակութային մակարդակի վրայ, թէեւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն վերաբերող համաձայնագրով հայոց լեզուին կը տրուի շրջանային լեզու ըլլալու կարգավիճակ, բայց եւ այնպէս պետական ու վարչական գործառնութիւնները կ՛ըլլան վրացերէնով, այն լեզուն, որուն չի տիրապետեր ջաւախահայութիւնը:
Աւելի վատը այն է, որ ոչ միայն հայերէնը պահպանուած չէ, այլ նաեւ` հայոց պատմութիւնը: Արդարեւ, պետութեան կողմէ ջաւախահայութեան տրամադրուած հայերէն դասագիրքերուն մէջ խեղաթիւրուած է պատմութիւնը:
Միւս կողմէ, վրացական պետութիւնը կ՛իւրացնէ կամ կը վերացնէ մշակութային կեդրոնները: Իբրեւ հետեւանք` Ջաւախքի մշակութային կեդրոններուն մէջ տեղի չեն ունենար համերգներ, թատրոններ, մշակութային ձեռնարկներ եւ այլն… Ասիկա միտումնաւոր կերպով կը զրկէ ջաւախահայութիւնը մշակութային զարգացումէ:
Ահաւասիկ կը պարզուի երեւոյթը մեր առջեւ: Յստակ է վրացական քաղաքականութիւնը` խոչընդոտել հայ տարրին գոյատեւումը Ջաւախքի մէջ, փոշիացնել հայկական Ջաւախքի մը տեսլականը, խլել այդ հողը հայ ազգէն: Այս բոլորը իրականացնելու համար վրացական իշխանութիւններուն ընտրած մարտավարութիւնը հետեւեալը կը թուի ըլլալ` ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ ջաւախահայուն մնայ երկու ընտրանք` կա՛մ վրացանալ, կա՛մ հողը ձգել ու երթալ:
Ո՞վ պիտի սանձէ այս քաղաքականութիւնը:
Ո՞վ պիտի աշխատի ձուլուելու կամ Ջաւախքը լքելու փոխարէն երրորդ ընտրանք մը` հողին կառչելու ու ամրանալու ընտրանքը առաջ քշելու ուղղութեամբ:
Ջաւախահայեր արդէն առած են նախաձեռնութիւնը: Այդ կու գան փաստելու ջաւախահայ հասարակական կազմակերպութիւնները` տարբեր մակարդակի ատեաններու ուղղուած իրենց բազմաթիւ դիմումներով, Ջաւախքի մէջ երիտասարդական միութիւնները իրենց ինքնադաստիարակչական, մշակութային աշխատանքներով, Ցեղասպանութեան 97-ամեակին առթիւ իրենց կազմակերպած քարոզչական ջահերթով: Այդ կու գան փաստելու ջաւախահայ քաղաքական բանտարկեալները, կեղծ ամբաստանութեամբ շղթայուած հասարակական արդար գործիչները: Եւ այդ կու գայ փաստելու Ջաւախքէն մեզի հասած նամակը, որ լոյս կը տեսնէ մեր այս խօսքին կողքին:
Ջաւախահայը կը պահանջէ ինքնավարութիւն:
Սփիւռքին կը մնայ ջաւախահայուն նեցուկ կանգնիլ աւելի՛ մեծ թափով: Կը մնայ գիտակցիլ, որ Ջաւախքի հարցը յետաձգելի չէ այլեւս, եւ որ` երթալով աւելի օրհասական կը դառնայ ջաւախահայութեան վիճակը:
Տրամաբանականօրէն առաջին քայլը, որպէս սփիւռք, ի մասնաւորի որպէս լիբանանահայութիւն, լաւապէս ծանօթանալն է Ջաւախքի հարցին եւ անիկա առօրեայ մտահոգութիւն դարձնելը, հետաքրքրութեան առարկայ դարձնելը: Անոր պէտք է յաջորդեն քարոզչական, ընկերային եւ տնտեսական օժանդակութիւնները:
Պէտք է ջաւախահայուն ձայնը հասցնել միջազգային ատեաններ:
Պէտք է ջաւախահայուն դիմադրութեան եւ պայքարի ոգին ամրացնել` անոր կողքին կանգնելով:
Պէտք է աշխատիլ ջաւախահայ մարդուն ու Ջաւախք հայկակա՛ն հողին միջեւ կապը անխախտ պահելու ու hզօրացնելու ուղղութեամբ:
Չուշանալ ու չսպասել, որ լուծումը պարտադրաբար այլ հանգրուաններու հասնի:

