«Սիփան» Պարախումբ` Աչքի Փո՞ւշ

Շաբաթ մը առաջ զրոյց մը ունեցայ գործընկերոջ մը հետ` ինքնութեան նիւթով: Ան կը հարցնէր ինծի, թէ ես ո՞ր ազգին կը պատկանիմ: Իր կարծիքով, Լիբանանի հայերս լիբանանցի ենք, որովհետեւ Լիբանան ծնած ըլլալով` լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունինք, ուրեմն Լիբանանի «ազգ»-ին կը պատկանինք: Սակայն գործընկերս չկարողացաւ հասկնալ եւ զանազանել այն երկու հսկայ տարբերութիւնները` երկրի մը քաղաքացի ըլլալը եւ ազգի մը պատկանիլը:

Անձ մը կրնայ երկրի մը քաղաքացին ըլլալ, բայց պատկանիլ, օրինակ, չինացի ազգին, իր ծագումով եւ անշուշտ դիմագիծով: Բայց արդեօ՞ք բաւարար է միայն արտաքինով ազգի մը պատկանիլը: Անշուշտ թէ ոչ, որովհետեւ անձի մը մշակոյթը, լեզուով ու արուեստով, շատ կարեւոր դեր կը խաղայ մարդուն պատկանելիութեան մէջ, գիտնալով, որ մշակոյթը մարդուն ինքնութիւնն է եւ ինչպէս բարեկամս` Հրակ Աւետանեան կ՛ըսէ, թէ մշակոյթ մը կրնայ գոյութեան կանչուիլ եւ բարգաւաճիլ միայն մարդուն միջոցով: Եթէ համաձայն չես, հապա ինչո՞ւ կը կարծես, թէ թուրք կառավարութիւնը վերջերս Պէյրութի մէջ հիմնեց թրքական մշակութային կեդրոն մը: Նպատակը այն չէ՞, որ Լիբանանի ժողովուրդին մօտէն «ծանօթացնէ» թրքական լեզուն, թրքական շարժապատկերը, թրքական արուեստն ու խոհանոցը:

Ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է դէմ դնել թուրք պետութեան նոր հնարքներուն: Ես կը հաւատամ, թէ ազդեցիկ ձեւերէն մէկն է մեր հայ մշակոյթը սիրել, զայն ապրիլ մեր արօրեային մէջ եւ հպարտ զգալ անով: Վերջերս ՄԱԿ-ի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կազմակերպութիւնը արեւմտահայերէնը դասեց  իբրեւ աշխարհի վտանգուած լեզուներուն շարքին: Մենք պէտք է մերժենք հայ լեզուն վտանգուած ըլլալու իրողութիւնը: Մենք կ՛ուզենք եւ պիտի ուզենք գրել, կարդալ եւ խօսիլ հայերէն: Մենք կ՛ուզենք եւ պիտի ուզենք արտայայտել` պոռալ, խնդալ եւ ժպտիլ հայերէն: 97 տարիներ առաջ թուրքը հսկայ աշխատանք տարաւ, որպէսզի հայ ժողովուրդը ա՛լ մոռնայ իր հայ լեզուն, հայ մշակոյթը եւ հայ եկեղեցին, որպէսզի այս երեք սիւները բնաջնջելով` հայ ժողովուրդը ի վերջոյ պիտի ձուլուէր  եւ պիտի դառնար թուրք մշակոյթի զաւակը: Սակայն…

Սակայն շատ փոքր ու համեստ ամրոց մը կայ Գարինա Ալեքսանդրեանի ղեկավարութեամբ, որ ունի լայնախոհ սիրտ, հսկայ զոհողութիւն, ջերմ համբերութիւն եւ ակներեւ քաջալերանք ու հաւատք` հայ պատանի եւ երիտասարդ աշակերտներուն հանդէպ որոնք կ՛ուզեն այն տանը պատկանիլ, որ իրենց առիթ կ՛ընծայէ ցոյց տալու, թէ հայ աշակերտը տաղանդաւոր է եւ հպարտ է իր ազգին մշակոյթով եւ արուեստով:

Աւելի քան 80 անդամներէ բաղկացած «Սիփան» պարախումբը մեծ յոյս կը ներշնչէ եւ հոգիս կը թեւածէ, երբ կը տեսնեմ, թէ փոքր պատանի-պարմանուհիներ կ՛ուզեն ժամանակ տալ հայկական պարարուեստը սորվելու, հայ երգը լսելու եւ տեղի չի տալ օտարամոլութեան հսկայ հոսանքներուն: Երկար ժամեր յատկացնելով շարժապատկեր դիտելու եւ գիտութիւն ամբարելու կողքին, նոյնքան էական է, որ հայ պատանի-պարմանուհիին առիթ ընծայուի ստեղծագործելու եւ ինքնավստահութիւնը զօրացնելու: «Սիփան» պարախումբը այս առիթը ստեղծեց,  եւ երիտասարդներ իրենց մատղաշ ձիրքերը զարգացնելով` հայ գաղութի ստեղծագործ անդամներ դառնան լիբանանի տարածքին վրայ:

Ապրիլ 28 եւ 29-ին հանդիսատեսներ ներկայ եղան ելոյթին, որ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, քաջալերեցին հայ աշակերտներուն ելոյթները եւ նեցուկ կանգնեցան հայ արուեստին գոյատեւման եւ բարգաւաճման գիտնալով, որ հայ ազգը վերելք կ՛ապրի իր բոլոր մարզերուն մէջ, երբ մեր մշակոյթը հաւատարմօրէն կը փոխանցենք ապագայ սերունդին:

Այո՛: «Սիփան» պարախումբը աչքի փուշ է բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն հայ ազգը իր հարազատ մշակոյթէն արմատախիլ ընել: Մենք թոյլ պիտի չտանք որ 21-րդ դարու ներկայ հոսանքները մեզ անջատեն մեր մշակոյթէն, մոռցնեն մեր գրականութիւնը, պարը եւ Քրիստոսի վրայ հիմնուած հաւատքը: Ինչ որ 20-րդ դարու սկիզբը չկրցաւ ընել օսմանեան պետութիւնը, այսօր եւս անկարող պիտի ըլլան արդի հոսանքներ մեզ հեռացնելու մեր ինքնութենէն:

Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեանի մշակոյթի հպարտ ամրոցը` «Սիփան» պարախումբը բոլորին սրտերը հրահրեց հայկական պարարուեստով եւ հայ մշակոյթի բոցը զօրացուց հայ ժողովուրդին հոգիին մէջ որ ծարաւ է հայկական պար դիտելու, հայկական երաժշտութիւն ունկնդրելու եւ հայկական արուեստը քաջալերելու ու խրախուսելու` ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Եկաք եւ ձեզ հետ բերիք օտար բարեկամներ:

Եկաք եւ վայելեցիք հայկական գեղեցիկ պարարուեստը:

Եկաք եւ մաս կազմեցիք ջահը փոխանցելու մեր նորածաղիկ հայ սերունդին, որպէսզի վառ պահենք մեր աստուածատուր հայ մշակոյթը, որ փորագրուած է մեր ժողովուրդի սրտերուն մէջ:

ՄանօՉիլ

Share this Article
CATEGORIES