«Երգեր Ոսկելար Քնարիս» (Հեղինակ` Սարգիս Ք. Խաչերեան)
2011-ին, «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամը (թիւ 10) լոյս ընծայեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայոց Անթիլիասի տպարանէն Սարգիս Ք. Խաչերեանի «Երգեր ոսկելար քնարիս» խորագրեալ քերթողագիրքը` խմբագրութեամբ Պարոյր Աղպաշեանի:
Հեղինակը ծնած է 1974-ին, Հալէպ: Յաճախած է տեղւոյն Զուարթնոց նախակրթարանը եւ ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանը:
Գրել սկսած է կանուխ տարիքէն` ստորագրելով քերթուածներ եւ պատմուածքներ: Աշխատակցած է «Շիրակ» եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթերուն: «Գանձասար» շաբաթաթերթին եւ Սուրիոյ հայ գրողներու համախմբումի «Երթ» տարեգիրքին: 2006-ին հրատարակած է «Լոյսն ի վեր» խորագրեալ իր երախայրիք չափածոյ գործը:
Հատորը կը բաղկանայ 160 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ ութ ենթաբաժինները. «Բառական», «Նոյեան տապան», «Պզտիկ տղան», «Հնապատում», «Աւետարան ըստ Չափլինի», «Սիրոյ դրան շեմին», «Մարդկային խառնարան» եւ «Պէյրութ»:
Սարգիս Խաչերեան նորարարական շարժումի հետեւող գրող մըն է, որ դասական ըմբռնումի նկատմամբ ցոյց կու տայ ոչ մէկ շահագրգռութիւն: Այնքան արդիապաշտ է ան, որ չի յարգեր նոյնիսկ կէտադրական կանոնները:
Այս երեւոյթը ան կը պարզէ «Ես բանաստեղծ եմ» խորագրեալ գրութեամբ, ուր կ՛ըսէ, թէ չի սիրեր անցնիլ հնամաշ ճամբաներէ, այլ կը ձգտի բանալ անկոխ ուղիներ, գեղարուեստական նոր եւ իւրայատուկ յղացումներ կենսագործելու առաջադրութեամբ: Արդարեւ, նախորդ սերունդներուն ուղղելով իր խօսքը` կ՛ըսէ.
«Ես
ձեր անցած ուղիներէն չեմ անցնիր
նոր ուղի մը կը բանամ
առաստաղը մերժող սենեակ մըն եմ ես
կրիայի մը աչքերով չեմ դիտեր ժամանակը
գիտցէք
թէ փոքրամասնիկ մը չեմ ես
ես բանաստեղծ եմ
բառերը ինձմէ իմաստ կը մուրան»
Բառերու հանդէպ խոր հիացում ունի հեղինակը: Հոգեպէս ան կը սիրէ բառերը ու կը բաղձայ, որ ոչ մէկ անբուժելի հիւանդութիւն քայքայէ կամ, կազմալուծէ զանոնք: Ահա թէ ինչո՛ւ յաւերժական կեանք կը մաղթէ անոնց` թելադրելով ընթերցողին, որ`
«գիրքերը միշտ
բաց պէտք է պահել»
որովհետեւ կ՛ըսէ Խաչերեան,
«ամէն անգամ որ գիրք մը կը գոցենք
բառերուն դագաղ կը դառնայ»
Հատորին մէջ կան կարգ մը գրութիւններ, որոնք հիմնական ոչ մէկ իմաստ կը ներկայացնեն, օրինակ, բանաստեղծական ի՞նչ խորհուրդ կայ թաքնուած հետեւեալ տողերուն ետին.
«քանի՞ մսավաճառ
ոչխարի մը յուղարկաւորութեան կը մասնակցի
պարկեշտ ըլլանք»
Այսուհանդերձ, հատորին մէջ կան նաեւ պատկերաւոր մտածումներ, որոնք խորհուրդ մը կը յայտնաբերեն, ինչպէս կը պարզուի հետեւեալ տողերով.
«հովը փչեց
վարագոյրը յղացաւ
այդ կեղծ յղութենէն
ունայնութիւն միայն ծնաւ
մարդիկ բաց պատուհանը դատապարտեցին»
Այս յարակցութեամբ, հեղինակը առօրեայ կեանքէն պատկերներ կը ներկայացնէ` զարմանք պատճառելու ընթերցողին: Ահաւասիկ, ուշագրաւ օրինակ մըն է գամին վերագրուած հետեւեալ դիպուկ մաղթանքը.
«թող իմ գլխուն եկածը
ձեր գլխուն չգայ»
Սարգիս Խաչերեան ունի իւրայատուկ մօտեցում սիրոյ հանդէպ: Կ՛ըսէ, թէ խորապէս կը սիրէ իր սիրած էակը, նման այն մուրացկանին, որ ակընդէտ կը սպասէ իրեն դրամ տուող անցորդին:
Իսկ գիշերային ուշ ժամերուն, երբ կը տիրէ համատարած մթութիւն, Խաչերեան կը թելադրէ իր սիրածին, որ հնարագոյն գաղտնապահութեամբ միասնաբար լոյս գողնան, այն հաստատ համոզումով, թէ ոչ ոք պիտի ձերբակալէ կամ դատապարտէ զիրենք, որովհետեւ
«լոյսը իր վրայ
մատնահետք չի կրեր»
Հեղինակը կ՛արծարծէ այն կարծիքը, թէ կեանքի բոլոր երեւոյթները հարկ է կոտրել, երբ անոնք հորիզոնական են: Այս պարագային, սակայն, բացառութիւն կը կազմէ տողը, որ հորիզոնական է: Ակնարկելով մարդ էակին` կ՛ըսէ.
«մարդն ալ երբ հորիզոնական է
վայրկեան մ՛առաջ թաղել պէտք է»:
Լուրջ մտահոգութիւն մը կը պարզէ հեղինակը «Բարեւներ» խորագրեալ գրութեամբ, ուր ան կը փորձէ ցոյց տալ բացայայտ անտարբերութիւն մահուան հանդէպ: Այս երեւոյթը ան կը դրսեւորէ ուղարկելով բարեւներ բացի մահէն` բոլորին: Կը բարեւէ մարդ էակին ու լոյսին, խաւարին ու վրէժին, հրճուանքին, թախիծին ու մինչեւ իսկ ծերութեան, որոնք կը կազմեն գոյակից տարրերը իր կեանքին: Բայց ինչ կը վերաբերի մահուան, Սարգիս Խաչերեան կը խնդրէ մահէն, որ քիչ մը եւս սպասէ եւ հեռու մնայ իրմէ, այն մտատանջութեամբ, թէ տակաւին բարեւներ ունի ուղարկելիք շատերուն եւ, հետեւաբար, կ՛աղաչէ մահէն, որ չընդհատէ իր կեանքի ուղին:
Սարգիս Ք. Խաչերեան կ՛եզրափակէ «Երգեր ոսկելար քնարիս» խորագրեալ իր քերթողագիրքը դրուատելով Պէյրութ քաղաքի բարեմասնութիւնները` «աշխարհազարդ» եւ «ամենալիր» մակդիրներով:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Յունուար 2012
Պէյրութ

