Լեռ Կամսար. Մարդը` Գործին Մէջէն

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Լ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

ե.- Էական անհեթեթութեան մը գիտակցութիւնը
(«Մի գրչախաղ գոյութիւն չունեցող թղթի վրայ…»)

Երգիծաբանը յաճախ ուրուագծած է կենսապայմանի դաժանութիւնը` խորհրդային դրախտի ծոցին: Բայց «Ով եմ ես» ինքնաներկայացումը, որ մասամբ վկայակոչուեցաւ արդէն, իր շարունակութեան մէջ կը հասնի աննախընթաց ուժգնութեան մը.

 «… Իր ողջ կեանքում գազանանոցի նեղ վանդակի մէջ փակուած կապիկի կեանքն ուսումնասիրելով` կարո՞ղ ենք կարծիք կազմել կապիկների ցեղի առանձնայատկութեան մասին եւ այն մտցնել կենդանաբանութեան դասագրքի մէջ: Մի կապկի, որն օրնիբուն օնանիզմով է զբաղւում  եւ աչքը վանդակի դրանը` հերթական կերի է սպասում…

«Կարո՞ղ ենք գաղափար ունենալ առիւծի մեծահոգութեան մասին, երբ նա իր կատաղութեան մէջ միայն վանդակի երկաթներին է զարնւում:

«Այդպէս էլ ես եմ իմ կեանքի երկրորդ կէսում:

«Կարո՞ղ եմ խելացի լինել, երբ խելքս գործածելու հնարաւորութիւն չունեմ: Ինչքա՞ն լայն պիտի լինի սիրտս, որ բոլշեւիկ բռնապետներին ըստ արժանւոյն ատելուց յետոյ դեռ տեղ աւելանայ ոեւէ մէկին սիրելու համար: Կամ երբեւէ կերե՞լ եմ իմ ցանկացածը, որ կարողանամ պատմել իմ ճաշակի մասին: Ինչպէ՞ս կարող եմ քաջ լինել, երբ ձեռներս տարուած են ետեւս ու շղթայուած»(62):

Սակայն նոյն հատուածին մէջ որոշ տեղեր` կեանքի էական անհեթեթութեան թեման կը ներկայանայ իր ողջ մերկութեամբ, այս անգամ` սկեպտիկութենէ անդին` անհեթեթի ծանր յոռետեսութեան գոյներով. կարծես խորհրդային կենսապայմանը` իր դաժանութեամբ` ըլլար մէկ դրսեւորումը տիեզերական այդ անհեթեթութեան.

«Ես դեդուկտիւ ծնունդ եմ: Մինչ ուրիշներն իրենց կեանքի վերջում են ասում «ունայնութիւն ունայնութեանց»` մանրամասն ապրելուց յետոյ, ես ծնուելիս ասացի:

«Մի ուրիշն իմ տեղ լինէր` այդ ասելուց յետոյ այլեւս չէր ապրի, բայց ես ապրեցի իմանալու համար, թէ ինչքան է այդ կեանքն ունայն:

«Է՜, պարզ է, թէ ինձ նման աշխարհ եկողը ինչպէս պիտի վերաբերուի կեանքի երեւոյթներին:

«Չեմ զգացել ուսման ծարաւ, եւ դպրոց եմ գնացել բռնի ոչինչ չսովորելու համար:

«Չեմ հասկացել, թէ սիրելու համար ինչո՞ւ անպայման պիտի ամուսնանալ: Կամ ինչո՞ւ մէկ կնոջ հետ ծերանալ եւ ոչ աշխարհի բոլոր կանանց հետ երբեք չծերանալ:

«Չիմացայ` ինչ բան է կրօն: Ինչո՞ւ մարդիկ իրենց աղօթքներում երկնքի արքայութիւնն են ցանկանում: Անիմաստ կեանքը շարունակելուց ի՞նչ օգուտ: Յիմարութիւնը որ երկարի` իմաստութեա՞ն կը հասնի:  […]

«Այս բոլորից յետոյ խորհուրդ եմ տալիս ձեզ իմ կեանքում ոչ մի իմաստ չփնտռել. ես մի գրչախաղ եմ գոյութիւն չունեցող թղթի վրայ»(63):

Նոյնը` երբ մարդու մահկանացու ճակատագրին մասին կը խորհրդածէ, երեւութապէս միայն` թեթեւ, բառախաղային շեշտով մը.

«Մարդն անմահ է, քանի չի ծնուել. ծնուելուն պէս դառնում է մահկանացու:

«Այս ճշմարտութիւնն ափսոս ուշ իմացայ, եթէ ոչ` ես կը ծնուէի՞: Ի՞նչ միտք մի քանի տարի քոռ ու թոփալ ապրել` գնալ յաւիտեան մեռնել…»(64):

Օրագրային ուրիշ դիտողութիւն մը կը կրկնէ-կ՛ամրագրէ տիեզերական անհեթեթի այս տեսիլքը, այս անգամ` շեշտելով համաշխարհային գաղափարա-քաղաքական բոլոր համակարգներու ժխտականութիւնը – խորհրդայինին հետ` դրամատիրականը: Ոճային խտութեան կողքին, ուրեմն, անիկա մեծապէս շահեկան է իբր գաղափարական կեցուածքի լրացում.

«Ժողովո՛ւրդ: Ես քառասունչորս տարի սոցիալիզմի դէմ պայքարելով գնում եմ դէպի կապիտալիզմ` դուք էլ ետեւս ընկած հետեւում էք ինձ:

«Բայց այսօր մի վատ բան լսեցի:

«Ասում են, որ կապիտալիզմն էլ է ճնշում անհատի ազատութիւնը:

«Ասում են` սոցիալիզմը սրով է հպատակեցնում մարդկանց, կապիտալիզմը` փողով: Այս պայմաններում դէպի կապիտալիզմ գնալը նշանակում է ջրից դուրս գալ, ընկնել ջրհեղեղ:

«Իսկ աշխարհում այս երկու սիստեմներից զատ ուրիշ չկայ. ի՞նչ անել:

«Յայտարարում եմ.

«Ժողովուրդ, մեր նաւը փշրուեց, ու մենք գնում ենք ջրի տակ: Ով կարող է, թող մի աշխարհայեացքի բեկոր ձեռքը ձգած` իր կեանքն ազատի:

«Ես լողում եմ դէպի Ռոբինզոնի կղզին»(65):

Կամսարեան իմաստութեան եզրայանգիչ այս շեշտադրումը, որքան ալ ժխտական, ուժեղ ու յստակատես անհատականութեան մը մօտ չի զարմացներ մեզ: Ընդհակառակը: Նախնական եսակեդրոնութեան հակադրուող` գաղափարական, գիտակից անհատապաշտութիւնն է որ կը խօսի, արժանաւոր թէեւ անպատրանք ապաւինումը` անհատի ինքնամշակման կարողութիւններուն, որուն յաճախ կը հասնին բարձր հոգիներ` իրենց կենսային ուղեծիրի աւարտին…

զ.- Ռահվիրա այլախոհը` իր ոսոխի կործանումէն քսան տարի ետք

Այսօր, նախկին վարչակարգի անկումէն քսան տարի ետք, անկախ պետականութեան երրորդ տասնամեակի սեմին, Լեռ Կամսար կը ներկայանայ իբր խորհրդային ո՛ղջ ժամանակաշրջանի մնայուն, բացարձա՛կ այլախոհը, բացառիկ դէմք` հաւանօրէն համամիութենական չափերով(66): Եւ որ արմատական հակադրումով անընդհատ հակադրուեցաւ համայնավար գաղափարախօսութեան եւ խորհրդային վարչակարգին ու «արժէքներուն», սկսած 1918ի իր հակա-լենինեան մարգարէաշունչ «ֆելիետոնէն»` մինչեւ մահը, երեւութական սառցահալի մը տարիները: Իր կտակ-բաղձանքը, արտայայտուած քանի մը տարի աւելի կանուխ, բաւական պերճախօս է ինքնին.

«Ես խնդրում եմ ձեզ ինձ թաղելիս բերանքսիվայր դնել հողը… որ այս կառավարութեան երեսը չտեսնեմ:

«Մի երկմտէք, երբեւէ ռեժիմը փոխուելիս, անգամ եթէ ամբողջովին փտած էլ լինեմ` դարձեալ շուռ պիտի գամ մէջքիս վրայ…»(67):

Հաւատքի ժայռային ամրութեամբ մահը զանցող այս կտակը, եթէ` ընդհանրապէս ըսած` արտայայտութիւն է զօրեղ անհատականութեան մը, այսօր միանգամայն կը հնչէ իբր պատգամ ու երաշխիք` Լեռ Կամսարի հոգեւոր կենդանութեան, ներկայութեան մեր միջեւ:

Սակայն…

Սակայն պէտք չէ մոռնանք, միւս կողմէ, որ Լեռ Կամսարի ճանաչումն ու արժեւորումը կը մնան մասնակի: Եւ որ ան տակաւին կը գտնուի ամբողջական վերականգնումի նախասենեակը` սպասումի մէջ:

Պարզ ու անկեղծ խօսինք: Մեծ երգիծաբանը այսօր չէ գտած ճանաչում` իր լիարժէք դիմագիծով ու արժէքով: Տիրող մտայնութեան ու արժեհամակարգին համար` ան «ընդունուած է», ինչպէս ընդունուած են, կամ հանդուրժուած, գրական-մշակութային որոշ այլ գործիչներ: Իր անտիպներու հրատարակութիւնը կը կատարուի… շնորհիւ կտակակատար հարազատներու եւ մեկենաս բարեկամներու ճիգերուն: Ճիշդ է, մամուլի որոշ օրկաններ յատուկ համակրանքով իրենց սիւնակները բացած եղան իր նշխարներուն առջեւ: Ճիշդ է նաեւ, որ մրցանակներ ու շնորհահանդէսներ եկան` ուշացած ճանաչում ու յարգանք մատուցանելու (Թէքէեան մրցանակ` «Մահապուրծ օրագիր»-ին, կամ Գրողներու միութեան նախաձեռնած շնորհահանդէսը` հետեւող «Սոցիալիզմի Սահարան» հատորին), ինչ որ յուսալի քայլ մըն է դէպի աւելի արդար ու ամբողջական պարտահատուցում: Բայց ասիկա օրինաչափ երեւոյթ չէ: Օրինաչափ կը մնայ` մասնակի ճանաչումը, որ չի դադրիր նաեւ ըլլալէ անտեսում: Օրինաչափ` բացակայութիւնը դասագիրքերէ ու «պաշտօնական» գրական ժողովածուներէ, գրականութեան պատմութիւններէ…:

Այս բոլորը` ո՞չ արդեօք, որովհետեւ խիզախ երգիծաբանին կրած հալածանքներուն լրիւ բացայայտումը, անոնց առթիւ իր գրած էջերը կրնան քօղազերծել մօտ անցեալի եւ որոշ «սրբութիւններու» առնչուած ամօթալի փաստեր…

Խօսելով նոյն հալածանքներուն մասին, նոյնքան ամօթալի` որքան այդ փաստերը, չքմեղանքի փաստարկումներն են, սկսած սառցահալի տարիներէն ու շարունակուած վերջին քսանամեակին, թէ` «ժամանակները» կը պարտադրէին այդպիսի վերաբերում, թէ` Լեռ Կամսար ու այլ հալածուածներ «ժամանակի զոհեր» էին…:

Բայց չէ՞ որ երգիծաբանը կանխաւ խարանած է այդպիսի դիմակաւորներ, խլած անոնցմէ` իրենց ամօթը ծածկող թզենիի ողորմելի տերեւը.

«Հայաստանի կոմկուսի քարտուղար Սուրէն Թովմասեանը քսաներորդ համագումարին յայտարարեց, որ Բերիան ամբողջ քսան տարի Հայաստանը աւերեց եւ բնակչութիւնը բանտերում ու աքսորներում կոտորեց:

«Հարցնում եմ. այս ամբողջ աւերածութիւնը ո՞ւմ ձեռքով կատարուեց:

«Պատասխանում եմ` հայի:

«Կացինը հայի ձեռքն էր, նա մատնանշում էր, հայը գլուխը թռցնում:

«Ու այդ կոտորածը, չնայած որ հիմա Բերիան չկայ` չի դադարում:

«- Ինչո՞ւ:

«- Որովհետեւ քսան տարի կոտորող ձեռքը ամենապակասը մի տասը տարի էլ պիտի կոտորի… իներցիայով»(68):

«Ժամանակին» ապաւինող քողածածուկներուն ուղղելով խօսքը, Լեռ Կամսարի քաջարի ժառանգորդ-կտակակատարն ալ հարց պիտի տայ իր կարգին. «Ո՞րն է «ժամանակն է մեղաւոր». բա՞ խիղճը, մարդ Աստծոյ, ամենասովորական մարդկային խի՞ղճը… Տականքը միշտ տականք է, ժամանակը ի՞նչ հող տայ գլխին…»(69):

Հաստատումը անվիճելի է` բարոյական իր հիմերով եւ իր ընդհանրութեան մէջ: Բայց հարկ է աւելցնել.- Չկա՞ն որոշ ժամանակներ` աւելի «ատակ» տականք ու ապականութիւն ծնելու, քան ուրիշներ: Եւ եթէ այդպիսի ժամանակներ ապրեցաւ հայրենի երկիրը (կամսարեան ո՛ղջ գործը` վկայ…), որքա՞ն ատեն կը պահանջէ ապականութեան ամպը` լրիւ ցրուելու համար մեր երկինքէն…: Ու ամբողջական հալածանքի տասնամեակներէ ետք` որքա՞ն կրնայ տեւել կրաւորակա՛ն հալածանքի, լռութեան դաւակցակա՛ն հալածանքի ամպը, դարձեալ… իներցիայով:

Պէտք կա՞յ հոս յիշեցնելու, տակաւին, որ երեւոյթը ախտանիշերու ամբողջ խումբի մը` սինդրոմի մը կը յղուի. ամբողջ ոլորտի մը` կէս-ճանաչուած, կէս-անգիտացուած պատմական փաստերու եւ անոնց առնչուող մարդկային ու ընկերա-քաղաքական արժէքներու: Վերաբերում, որուն ենթակայ կը մնան` այս դժուարահաճ Դիոգինէսին հետ ու նման, իր այնքան սիրած, յարգած Վանայ «Արամ իշխանէն» սկսեալ` մինչեւ իր գուրգուրացած դասական ուղղագրութիւնը(70), ու մինչեւ (թէկուզ դեռ անչափահաս) ժողովրդավարութեան յիշատակը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան, ուր օր ցերեկով, մամուլի սիւնակներէն կրնար խարանել Քաջազնունիներ …: Ժամանակներ, որոնց թերեւս կարօտնար նոյնիսկ այսօ՛ր, եթէ ապրէր մեր ներկան…: Խորհրդային վարչակարգին շեշտօրէն հակադրուած եւ օրին հալածուած արժէքներ, որոնք այսօր, խորհրդայի՛ն շատ «արժէք»ներու մերժումէն ետք, կը շարունակեն իրենց կարգին… մերժուած մնալ – նոյն իներցիայով: Ինչպէս` վարչակարգի օրով աճեցուած եւ կամսարեան գործին մէջ խարանուած որոշ ախտեր, երեւի, դեռ ատեն մը քաղաքացիական իրաւունքով պիտի վերապրին մեր մէջ – միշտ նոյն իներցիայով…

Լեռ Կամսարի դասումը` ներկայի պայմաններո՛վ իսկ «դժուար մարսելի» փաստերու եւ արժէքներու շարքին, չէ՛ բնաւ յարակարծիք, պարադոքս: Այլ պարզ ապացոյցը, շատ հասկնալի ու յարիր, Լեռ Կամսարի գործին ե՛ւ քաղաքական արմատականութեան, ե՛ւ աւելի անդին` անոր մարդկային-բարոյական խոր նշանակութեան:

Կու գա՞յ պահը, երբ ազգովին կը հաւաստենք, կ՛ամրագրենք, որ քաղաքական երգիծանքի, իմաստութեան եւ մարդկայնութեան ախոյեան Յակոբ Պարոնեանէն ետք, յիսնամեակ մը հեռաւորութեամբ, մեր ժողովուրդի ծոցէն ծնած է ու ստեղծագործած` քաղաքական ու քաղաքացիական նոյն խիզախութեան, միանգամայն նոյն ողջախոհութեան տէր եւ նոյնքա՛ն հանճարեղ երգիծաբան, բնիկ վանեցի, ապա Երեւան, եւ վերջապէս` սիբիրական թէ բասարգեչարեան աքսորավայրեր ապրած Արամ Թոմաղեանը կամ Թովմասեանը, աւելի ծանօթ` Լեռ Կամսար գրչանունով:

Ամրագրում` որ, հպանցիկ արժեւորումներէ անդին, հանգամանօրէն պիտի վերահաստատէ զայն մեր գրականութեան մեծերու պանթէոնին մէջ, իր հոգեհօր-հոգեղբօր կողքին, անոր հաւասար: Իր անդրիին տակ փորագրելով նո՛յն Պարոնեանի հուսկ պատգամը, որ լրիւ կը պատշաճի իրեն եւս. «Պիտի հալածուիմ, պիտի ծեծուիմ: Վնաս չունի. Սոկրատ ալ հալածուեցաւ: Ապագայ սերունդը պիտի անմահացնէ իմ անունս»: 

 

(Շար. 5 եւ վերջ)

 

 

(62) Անդ, էջ 5:
(63) Անդ, էջ 271:
(64) «Սոցիալիզմի Սահարա», էջ 57:
(65) «Սաստիկ կոմունիստներ», էջ 100:
(66) Այս իմաստով, հրամայական անհրաժեշտութիւն է Լեռ Կամսարի գործի թարգմանութիւնը լայն տարածքի լեզուներու, սկսած անշուշտ` ռուսերէնէն:
(67)«Կարմիր օրեր, էջ 17 (մէջբերուած Վ. Թովմասեանի կողմէ):
(68) Անդ, էջ 107:
(69) «Ժամանակի կամ աւելի ճիշդ իր խելքի զոհը», ծնթգր. 90:
(70) «Կարմիր օրեր», էջ 228: «Սոցիալիզմի Սահարա», էջ 51:

 

 

Share this Article
CATEGORIES