Էն. Պի. Էյ. Լէյքըրզ Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը Օքլահոմա Սիթիէն` 77-75 արդիւնքով: Օքլահոմա իր այս յաղթանակը կերտեց մրցումին վերջին երկու վայրկեանին, երբ նշանակեց ինը անպատասխան կէտ:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 22 կէտ, իսկ Լէյքըրզի մարզիկներ Քոպի Պրայընթ եւ Էնտրու Պայնում` 20-ական կէտ:
Պոսթըն Սելթիքս 2-1 արդիւնքով յառաջացաւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի վրայ` շնորհիւ իր արձանագրած յաղթանակին` 107-91 արդիւնքով: Քեւին Կառնեթ ի նպաստ Սելթիքսի նշանակեց 27 կէտ եւ 13 ռիպաունտ, իսկ անոր խմբակից Փոլ Փիրս` 24 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները).
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Մայեմի Հիթ | (1-1) |
| Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | (1-0) |


