Գերմանական Ֆութպոլ. Ֆորթունա Տիւսելտոլֆ Միացաւ Պունտըսլիկայի Խումբերուն

Ֆորթունայի ուրախ համակիրները

15 տարուան բացակայութենէ մը ետք, Ֆորթունա Տիւսելտոլֆ միացաւ Պունտըսլիկայի խումբերուն, երբ փլէյ-օֆի դարձի մրցումներուն 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հերթա Պերլինի հետ:

Շաբաթ մը առաջ Պերլինի մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած Տիւսելտոլֆ, այսպիսով Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի եւ Կրէօթըր Ֆուերթի հետ միացաւ Պունտըսլիկայի խումբերուն, մինչ Հերթա Պերլին Քայզըրսլաութըրնի եւ Քէօլնի հետ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:

Անցեալ փետրուարին Հերթա Պերլինի մարզիչ նշանակուած 73 Օթթօ Ռեհակըլ այսպիսով չյաջողեցաւ իր կազմը փրկել Բ. դասակարգ փոխադրուելէ:

Share this Article
CATEGORIES