Թուրք Գիւղացիները «Լրտես» Թռչուն Մը Գտած Են
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Այնթապի մօտ գտնուող գիւղերէն մէկուն մէջ թռչող թռչունը տագնապ յառաջացուցած է. թուրք գիւղացիները փետրաւորը իսրայէլացի լրտեսի տեղ դրած են: Խնդրոյ առարկայ թռչունը սովորական եւրոպական մեղուակեր եղած է, աւելին` սատկած: Թռչունին սատակը գտած են արտի մը մէջ` ոտքին մետաղեայ օղ` «Իսրայէլ» գրութեամբ:
Թուրք գիւղացիներ համարած են, որ թռչունի ռունգերը արտասովոր, չափազանց լայն են եւ կրնան մայքրոչիփ պարունակել, ուստի ոստիկանութիւնը կանչած են: Սատակը փորձաքննութեան տարուած է:
Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մէջ ուսումնասիրած են փետրաւոր սատակը եւ հաւաստած, որ թռչունը լրտես չէ եղած: Իսկ մետաղեայ օղը թռչուններուն ոտքին կցելը սովորական գործելաոճ է, որուն նպատակը գաղթող թռչուններու տեղաշարժին հետեւիլն է:
«Պի. Պի. Սի.»-ին պատմած են, որ միայն մեծ ջանքերու գնով յաջողուած է թուրք գիւղացիները համոզել, որ թռչնակը Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան վտանգ չի սպառնար:

