«Նապուքօ» Ընկերութիւններու Համախմբումը Կազատարի Նոր Նախագիծ Ներկայացուցած Է
«Նապուքօ» նախագիծի ընկերութիւններու համախմբումը ազրպէյճանական «Շահ Տենիզ»-ի հանքավայրը շահագործող ընկերութեան ներկայացուցած է կազատարի կրճատուած տարբերակը` «Նապուքօ-Արեւմուտք»-ը:
Նոր նախագիծով կը նախատեսուի թուրք-պուլկարական սահմանէն մինչեւ Աւստրիա երկարող կազատարի կառուցում: «Նապուքօ Կազ Փայփլայն Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան ղեկավար Ռայնհարտ Միթչեք համոզում յայտնած է, որ «Շահ Տենիզ»-ին մրցունակ եւ համապարփակ առաջարկ ներկայացուած է:
«Նապուքօ» նախագիծի նախնական տարբերակը Թուրքիոյ ճամբով կ՛անցնէր Կեդրոնական Եւրոպա եւ Պալքաններ, իսկ «Նապուքօ-Արեւմուտքը» պիտի անցնի թուրք-պուլկարական սահմանէն` հասնելով մինչեւ Աւստրիա:
Կրճատուած տարբերակի երկարութիւնը պիտի կազմէ 1300 քիլոմեթր: Նախագիծի նախկին տարբերակով կը նախատեսուէր, որ խողովակաշարը պիտի ունենայ 3900 քիլոմեթր երկարութիւն եւ տարեկան 31 միլիառ խորանարդ մեթր կազ պիտի տեղափոխէ:

