«Միացեալ Նահանգներ Աւարտած Են Իրանի Հիւլէական Կեդրոնները Հարուածելու Ծրագիրը Եւ Լիուլի Պատրաստ Են Զայն Գործադրելու» Կ՛Ըսէ Դեսպան Շափիրօ

Դեսպան Շափիրօ

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տանիէլ Պ. Շափիրօ երէկ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ աւարտած են Իրանի հիւլէական կեդրոններուն դէմ յարձակում գործելու ծրագիրը:

«Միացեալ Նահանգներ աւարտած են Իրանի հիւլէական կեդրոնները հարուածելու ծրագիրը եւ լիուլի պատրաստ են զայն գործադրելու», ըսած է դեսպան Շափիրօ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ կը յայտարարեն, որ զինուորական ուժի օգտագործումը Իրանի հիւլէական ծրագիրի դադրեցման վերջին միջոցը պիտի ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES