Ֆրանսան Նոր Կառավարութիւն Ունի. Ֆապիւսի Արտաքին Գործոց Նախարար Նշանակման Նկատմամբ Թրքական Դժգոհութիւն

Լորան Ֆապիւս

Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հրապարակած է երկրի նոր կառավարութեան կազմը: 34 նախարարական պաշտօններուն կէսը բաժին ինկած է կիներուն:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է նախկին վարչապետ Լորան Ֆապիւս, իսկ ելեւմուտքի նախարար` Հոլլանտի նախընտրական արշաւի ղեկավար Փիեռ Մոսքովիսի:

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆապիւս ծանօթ է իբրեւ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ կարծր դիրքորոշում ունեցող անձնաւորութիւն: Օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիա կը յուսար արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ տեսնել Մոսքովիսին, որ Թուրքիոյ նկատմամբ աւելի լաւ տրամադրուած է:

Նշենք, որ հրեայ հօր եւ ամերիկացի մօր զաւակ 66-ամեայ Ֆապիւս յայտնի էր իբրեւ Ֆրանսայի ամէնէն երիտասարդ վարչապետը: Ան այդ պաշտօնին նշանակուած էր 37 տարեկանին: Ֆապիւս նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահն էր, երբ խորհրդարանը որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը:

Ֆրանսայի նոր նշանակուած վարչապետ Ժան-Մարք Այրօ յայտնեց, որ Ֆրանսայի նորակազմ կառավարութիւնը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ այսօր` Էլիզէի պալատին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES