«Ոչ Ոք Գիտէ, Թէ Սուրիոյ Հարցերը Ինչպէ՛Ս Պիտի Աւարտին» Կ՛Ըսէ Քի Մուն

Պան Քի Մուն

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ Նիւ Եորքի մէջ Հարաւային Քորէայի ընդհանուր հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ կը շարունակէ Սուրիոյ կացութեամբ մտահոգուիլ, «որովհետեւ ոչ ոք գիտէ, թէ հարցերը ինչպէ՛ս պիտի աւարտին: Կը շարունակենք Սուրիոյ կացութեան մեծ մտահոգութեամբ հետեւիլ եւ չենք կրնար նախատեսել, որ հարցերը ինչպէ՛ս պիտի աւարտին»:

Քի Մուն յայտնեց, որ «մենք գիտենք, որ Սուրիոյ մէջ կամ այլուր ժողովուրդին պատուաւոր կեանք մը ապրելու ձգտումներուն համար մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքներուն եւ արդարութեան հարցերով միջին լուծում չի կրնար ըլլալ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ դատապարտուած է տապալման»` աւելցնելով, որ այդպիսի զարգացում մը «Իրանին եւ Հըզպալլային մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ եւ կրնայ նաեւ Իսլամական Ժիհատ շարժումին վրայ ազդել»:

Պարաք միջազգային ընտանիքին, ՕԹԱՆ-ին, Միացեալ Նահանգներուն, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց Սուրիոյ զարգացումներու կշռոյթին արագացման համար ազդու դեր կատարելու, «որպէսզի Ասատ ստիպուի հեռանալ»` աւելցնելով, որ ինք կը նախընտրէ Սուրիոյ մէջ եմէնեան տագնապի լուծման տարբերակի կիրարկումը` Ասատ եւ իր շրջապատը կը մեկնին առանց իշխող կուսակցութեան, գաղտնի սպասարկութեանց կամ սուրիական բանակի լուծարման:

Իրանեան լրատուամիջոցները յայտարարեցին, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած իրանցի ճարտարապետները ազատ արձակուած են շնորհիւ Թուրքիոյ միջնորդութեան: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ առեւանգեալները Անգարայի մէջ Իրանի դեսպանատան յանձնուած են եւ մօտ օրէն Իրան պիտի վերադառնան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց թրքական կառավարութեան` իր կատարած ջանքերուն համար` յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած մնացեալ իրանցիները եւս ազատ կ՛արձակուին:

Իրանցի ճարտարապետները դեկտեմբերին առեւանգուած էին Հոմսի մէջ, ուր երեք գործընկերներու հետ ելեկտրակայանի մը մէջ կ՛աշխատէին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Մոհամետ Ռիտա Շիպանի յայտնեց, որ «Սուրիա իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը փորձէ սահմաններուն հսկել` արգիլելու համար զէնքերու մաքսանենգումը, սակայն սահմաններու հսկողութիւնը երկու կողմէն կ՛ըլլայ, այսինքն` Սուրիոյ եւ դիմացի կողմէն, իսկ զինեալներու եւ մաքսանենգման նկատմամբ Սուրիոյ մտահոգութիւնը յստակ է եւ անոր կը զօրակցինք»:

Ան աւելցուց, որ «ըստ իս, Թուրքիա շարք մը պատճառներով չ՛ուզեր եւ չի կրնար մուտք գործել Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան վտանգաւոր խաղին մէջ: Այդ պատճառներուն շարքին նշենք, որ Սուրիոյ մէջ, իբրեւ Թուրքիոյ դրացի երկիր, զինուորական անկայունութիւնը կարելի չէ Թուրքիոյ մէջ տանիլ: Երկրորդ`  Թուրքիոյ մէջ քաղաքական որոշում տալու հոլովոյթը չ՛արտօներ այդ վտանգաւոր խաղին  մէջ մուտք գործել: Երրորդ` թրքական բանակը, որ պէտք է այդ գործողութիւնը գործադրողը ըլլայ, անոր դէմ է, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունին քաղաքական հոսանքներ, որոնք Սուրիոյ նկատմամբ ներկայ քաղաքականութեան առնչութեամբ վերապահութիւններ ունին, իսկ թրքական տնտեսութիւնը չի կրնար այդ ճնշումին տոկալ, եւ շրջանի հարցերուն քաջածանօթները կը վստահեցնեն, որ շարք մը պատճառներով Թուրքիա ո՛չ փափաք, ո՛չ ալ կարողութիւն ունի այդպիսի գործողութեան մը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ հերքեց «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հրապարակած այն լուրը, թէ Միացեալ Նահանգներ սուրիական ընդդիմութեան զէնքեր կը տրամադրեն` բացատրելով, որ «այլ պետութիւններ այդ հարցով իրենց որոշումը ունին»: «Մեր որոշումը քաղաքային ընդդիմութեան ոչ մարտական օժանդակութիւններ տրամադրել է, եւ գոյութիւն ունին պետութիւններ, որոնք այլ որոշումներ տուած են, իսկ այդ մէկը անոնց վերաբերող գերիշխանական որոշումներ են»:

Նշենք, որ բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը երէկ իր կարգին հաղորդեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ընդդիմադիրները Միացեալ Նահանգներու զօրակցութեամբ Ծոցի երկիրներէն զէնքեր կը ստանան»:

Միւս կողմէ, ըստ Մարդկային իրաւանց հսկողութեան սուրիական կեդրոնին, Հալէպի Ժամիլիէ եւ Ֆըրքան թաղամասերուն մէջ ականներ պայթած են: Ֆըրքան թաղամասին մէջ պայթումը վիրաւորներ պատճառած է: Կեդրոնը նաեւ կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Հալէպի Պըսթան Քասըր, Սուքարի, Սուխուր, Քալլասա, Պապ Նայրեպ թաղամասերուն մէջ մեծ պայթումներու ձայներ լսուած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES