Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը հիմնական կողմն է` երկրին ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու առումով:
ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ ինք ամէնէն աւելի խոչընդոտած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կասկածելի ծրագիրները: «Ժոմպլաթ ինձմէ աւելի «վատ» ոչ մէկ պատասխանատուի պիտի հանդիպի կեանքին մէջ», ըսաւ զօր. Լահուտ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր դրուատեց բանակին դերակատարութիւնը եւ երկրին մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումը: Ան նշեց, որ լուծումը կը գտնուի երկխօսութեան մէջ եւ ոչ բռնարարքներուն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլ յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը պատասխանատու կը գտնէ` երկրին ելեւմտական թղթածրարին լուծման:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը Այն Մրեյսէի մէջ ձերբակալած է երկու երիտասարդներ, որոնք Քայիտայի կը պատկանին:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Նահր Պարետ գաղթակայանի միջադէպերուն եւ բանակին հետ Ֆաթհ Իսլամի ընդհարումներուն գծով վճիռը մօտիկ ապագային պիտի արձակուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք պահանջեց Պէյրութէն ներում հայցել 7 մայիսի դէպքերուն համար, ինչպէս նաեւ լուծել նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանուած յանցագործներուն հարցը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ շեշտեց, որ իրենք կը միտին Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կայունութիւն հաստատել:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական եւ քաղաքական կայունութիւնն է, որ տնտեսական մարզը կը բարելաւէ եւ առիթ կու տայ, որ ան աճ արձանագրէ:
Անդրադառնալով Թրիփոլիի իրադարձութիւններուն` Քասսար մերժեց լիբանանեան բանակը միջամուխ դարձնել ներքին իրադարձութիւններուն:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Դիմադրութեան ուժը միակ երաշխիքն է Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ոչ` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լեքս Փարթըլեմին, որուն յայտնեց, որ լիբանանցիները ոչ մէկ շահ ունին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն լոյսին տակ իրարու միջեւ խլրտումներ ունենալէ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ ինք քանի մը օրէն աւարտէ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը:

