Օմար Քարամէ Ընդունեց Իրանի Դեսպանը
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ իրանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք իրանեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնն ու շրջանին միասնականութիւնը եւ ժողովուրդներուն համերաշխութիւնը իսրայէլեան եւ արեւմտեան ծրագիրները կը վտանգեն:
Ապատի դրուատեց Քարամէի շինիչ կեցուածքները` Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին առումով եւ աւելցուց, որ շրջանին մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու միտումով մշակուած իսրայէլեան եւ արեւմտեան ծրագիրները բաւական ձախող են:
Ապատի հաստատեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:

