Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Կը Ստանձնէ Երեք Յանցագործներ
Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ տնօրէնութիւնը կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, սուրիական իշխանութիւններէն ստանձնեց երեք յանցագործներ` լիբանանցի մը, սուրիացի մը եւ պաղեստինցի մը, որոնք մեղսակցած են Պեքաայի մէջ էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգումին:
Նշենք, որ 2 նոյեմբեր 2011-ին, նոյն տնօրէնութիւնը ստանձնած էր գլխաւոր յանցագործը` Ուաէլ Ապպասը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ քայլը արդիւնք է Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ սուրիական ապահովական ուժերուն միջեւ գործակցութեան:
Յանցագործները բանտարկուեցան եւ աւելի ուշ անոնք պիտի ենթարկուին հարցաքննութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

