Հանրապետութեան Միւֆթին Նստացոյցի Կոչ Կ՛Ուղղէ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ կոչ ուղղեց Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ բաց նստացոյց մը կատարելու, եթէ իսլամական արգելափակեալներուն թղթածրարը կարելի չըլլայ լուծել մինչեւ դատական իշխանութիւններուն ամառնային արձակուրդի սկիզբը:
Հանրապետութեան միւֆթին դատական իշխանութիւններէն պահանջեց դատավարութեան ենթարկել տարիներէ ի վեր բանտարկուած իսլամականները եւ որոշել, թէ ո՛վ պէտք է ազատ արձակուի եւ ո՛վ ամբաստանուի եւ դատական վճիռ ստանայ:
Իր խօսքը ուղղելով հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին, կառավարութեան, խորհրդարանին եւ բոլոր քաղաքական անձնաւորութիւններուն` միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ այս թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած մօտեցումը մերժելի է եւ դատապարտելի:
CATEGORIES Լիբանանեան

