Պըրրի – Ասիրի Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ազգային երկխօսութեան մասնակից քաղաքական ուժերը Թրիփոլիի իրադարձութիւններու քննարկման հրաւիրելու անհրաժեշտութիւնը:
Պըրրի հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը եւ տակաւին առկայ եղող միջադէպերը վտանգաւոր իրականութիւններ են, որոնք ոչ միայն Թրիփոլիի, այլ նաեւ Լիբանանին կը սպառնան:
Պըրրի յայտնեց, որ Ասիրիի կեցուածքները բաւական դրական էին:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզ, որ շեշտեց, թէ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է Թրիփոլիի իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի կացութիւնը պայթուցիկ է եւ կը մարմնաւորէ շրջանային տագնապը:
Պուէյզ ընդգծեց, որ պահանջուածը այն է, որ Թրիփոլիի մէջ կարելի եղածին չափ լիբանանեան բանակին աշխատանքը դիւրանայ եւ Թրիփոլիի քաղաքական բոլոր ուժերը իրենց զինեալները հեռացնեն շրջանէն:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզան, որուն հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն վերաբերող շարք մը թղթածրարներ:


