Նախագահ Սլէյման Ապպասի Հետ Քննարկեց Էսթոնիացի Զբօսաշրջիկներու Առեւանգումին Մանրամասնութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ անցեալ տարուան ապրիլին առեւանգուած էսթոնիացի զբօսաշրջիկներու թղթածրարին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ առեւանգումին մեղսակից յանցագործներուն յանձնումը` սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց երեսփոխաններ Մարուան Համատէն եւ Իմատ Հութը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


