Թրիփոլիի Կացութիւնը` Համեմատաբար Աւելի Խաղաղ
Թրիփոլիի մէջ երէկ զինեալ երեւոյթները անգամ մը եւս տիրեցին եւ արձանագրուեցան կրակոցներ, որոնք սակայն մարդկային վնասներ չպատճառեցին:
Շրջանին մէջ մթնոլորտը համեմատաբար աւելի խաղաղ էր, բայց ենթակայ բռնկելու:
Պէտք է նշել նաեւ, որ լիբանանեան բանակը շարունակեց Թրիփոլիի զանազան թաղերուն մէջ իր տեղակայումը:
Նշենք նաեւ, որ զինուորական ատեանի հետաքննիչ դատախազ Նեպիլ Ուեհպէ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00 հարցաքննեց Շատի Մաուլաուին:
Դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ երեկոյեան դատախազ Ուեհպէէն ստացաւ պահանջ մը` ահաբեկչական խմբաւորումի պատկանող եւ այդ յանցանքով ձերբակալուած Շատի Մաուլաուին ազատ արձակելու առումով:
Սաքըր յայտնեց, որ այսօր ինք վերջնական որոշում պիտի տայ այդ պահանջին գծով:
Միւս կողմէ, Այն Հելուէի գաղթակայանէն փախուստ տուին եօթը անձեր, որոնք լիբանանեան պետութեան կողմէ պահանջուած են` տարբեր յանցանքներ գործած ըլլալու պատճառով:
Վարչապետ Միքաթի.
«Զինեալները Ձերբակալեցէ՛Ք»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շրջանի ապահովական պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի պահանջեց անցարգելներ զետեղել Թրիփոլիի բոլոր թաղերուն մէջ եւ ձերբակալել բոլոր զինեալները:
Հիւսիսային Լիբանանի Կացութիւնը
Մտահոգիչ Է Եւ Թրիփոլին Կրնայ
Վերածուիլ Սադրանքներու Մեկնակէտի
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարար Մարուան Շարպել նախարարութեան կեդրոնին մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն ընթացքին յայտնեց, որ ձերբակալեալ յանցագործ Շատի Մաուլաուիի թղթածրարը կը վերջնականացուի դատական իշխանութիւններուն կողմէ` աւելցնելով, որ եթէ դատական իշխանութիւնները փաստեն, թէ Մաուլաուի մեղսակցած է ահաբեկչական եւ ապահովական գործողութիւններու մէջ, ապա անկարելի է, որ զայն ազատ արձակեն, «իսկ եթէ անոր յանցանքը համեմատաբար աւելի փոքր է, ապա կարելի է երաշխագինով զայն ազատ արձակել, իսկ եթէ ան ոչ մէկ գործողութեան մասնակցած է, ապա անպարտ կը հռչակուի», նշեց Շարպել:
Ներքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ եթէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ կացութիւնը շարունակէ իր այս ընթացքով, ապա Լիբանանի պատմութեան մեծագոյն սադրանքը պիտի արձանագրուի` սկսելով Թրիփոլիէն:
«Սաֆիր»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Շարպել շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող կայունութիւնը դիւրաբեկ է եւ բախումները որեւէ ատեն կրնան վերսկսիլ ու շատ արագ սաստկանալ:
Սաֆատի Կոչ Կ՛Ուղղէ
Բանակին Զօրակցելու
Ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բնակիչներուն զգուշանալու Թրիփոլիի մէջ տիրող զգայուն կացութենէն: Ան կոչ ուղղեց համախմբուելու Լիբանանի կառավարութեան շուրջ եւ կանխարգիլելու անոր ապահովական կայունութիւնը վտանգող որեւէ փորձ:
Ան հաստատեց, որ բոլոր նախարարները կը զօրակցին վարչապետ Միքաթիին եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Թրիփոլիի անվտանգութիւնը վերահաստատելու:
Սաֆատի ողջունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի ջանքերը` երկրին ապահովութիւնը պահպանելու նպատակով, եւ կոչ ուղղեց բոլորին զօրակցելու լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն` ապահովական կայունութեան վերահաստատման ի խնդիր:
Արսլան Կը Դատապարտէ Թրիփոլիի
Իրադարձութիւնները
Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան խստիւ դատապարտեց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ անոնք առաւելագոյն չափով վտանգաւոր են Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան համար եւ վտանգի փողեր կը հնչեցնեն` միջյարանուանական տագնապի հրդեհներ գրգռելով:
Արսլան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը հիմնական երաշխիքն է` պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ երկաթէ բազուկով հարուածելու քաղաքացիական անվտանգութիւնը խախտող կողմերը:
Հարիրի. «Թրիփոլիի Մէջ Կատարուածը
Զինուորական Ուժի Փորձ Մըն Է»
Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը զինուորական ուժերու փորձ մըն է:
Ան Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց Թրիփոլիի զինման` աւելցնելով, որ հոն պատահածը նոր 7 մայիս մըն է, որուն պէտք է գիտակից ըլլալ:

