Արժանթինի Նոր Նշանակուած Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Արժանթինի նոր նշանակուած դեսպան Տիեկօ Էրնեսթօ Ալվարես Ռիւերան` հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնումին առիթով:
Շնորհաւորելով դեսպանը նշանակման առիթով` նախարար Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստանի եւ Արժանթինի ժողովուրդները կը միաւորեն երկարամեայ բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններ, որոնք լաւ հիմք կը հանդիսանան երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման համար: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յաջողութիւններ մաղթած է դեսպանին իր առաքելութեան մէջ` յոյս յայտնելով, որ իր գործունէութեամբ ան նոր լիցք պիտի հաղորդէ բոլոր մարզերուն մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման:
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է բարեմաղթանքներուն համար` ընդգծելով, որ Արժանթինը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորացումով, եւ վստահեցուցած, որ առաւելագոյնը պիտի ընէ երկկողմ փոխադարձ գործընկերութեան առաւել ամրապնդման համար:
Զրուցակիցները քննարկած են բարձրաստիճան այցելութիւններու կազմակերպման, տարբեր մարզերու մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ուղիներուն, իրաւա-պայմանագրային դաշտի ամրապնդման, միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեան, տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան եւ մշակութային կապերու աշխուժացման առնչուող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է արժանթինահայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնն ու ներդրումը երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ:
Նախարար Նալբանդեան եւ դեսպան Ռիւերա մտքեր փոխանակած են շրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը խնդիրներու շուրջ:


