Արցախին Տրամադրուած Ամերիկեան Օժանդակութիւնը Աճած Է 150 Առ Հարիւրով
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Արցախին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնը աւելցած է 150 առ հարիւրով, պահպանուած է Հայաստանին տրամադրուող աջակցութեան չափը, առաջնահերթութիւն դարձած է օգնութիւնը Ջաւախքին եւ պահպանուած զինուորական օգնութեան հաւասարութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտասահմանեան օգնութեան յանձնախումբը որդեգրած է շարք մը դրոյթներ, որոնք կը նպաստեն Միացեալ Նահանգներու շահերու եւ ամերիկեան արժէքներու Կովկասի մէջ տարածման` առաջարկելով կտրուկ կերպով աւելցնել Լեռնային Ղարաբաղին տրամադրուած օժանդակութիւնը` զայն 2 միլիոն տոլարէն բարձրացնելով 5 միլիոն տոլարի եւ մերժելով Օպամայի վարչակազմին` Հայաստանի 7.2 միլիոն տոլար օժանդակութենէն զրկելու առաջարկը:
Ներկայացուցիչներու տան Պետական արտասահմանեան գործողութիւններու տրամադրման ենթայանձնախումբը նաեւ պահպանած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական օգնութեան հաւասարութիւնը եւ վարչակազմին կոչ ուղղած է Ջաւախքի նկատմամբ թիրախային օգնութեան ռազմավարութիւն ձեւաւորելու: Այս առաջարկին շուրջ քուէարկութիւնը այսօր տեղի պիտի ունենայ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեան այս առիթով ըսած է. «Քալիֆորնիոյ եւ ամբողջ Ամերիկայի ամերիկահայերը շնորհակալութիւն կը յայտնեն քոնկրեսական Էտըմ Շիֆին, որ աշխուժ կերպով գլխաւորած է այս կենսական արտասահմանեան օգնութեան առաջնահերթութիւններու որդեգրումը` իր սկզբունքային, կանխարգելիչ եւ յամառ ղեկավարութեան ներքեւ»:
Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը կը գրէ, որ այս օգնութեան կարեւորութիւնը կ՛ընդգծուի այն բանով, որ ընդհանուր արտասահմանեան օգնութեան բազմամիլիառ կրճատումներու մթնոլորտին մէջ Արցախին տրամադրուելիք օգնութիւնը աւելի քան կրկնապատկուած է: Հայաստանին ցուցաբերուելիք օգնութիւնը չէ նուազած 40 միլիառէն` հակառակ Օպամայի վարչակազմին առաջարկած 7.5 միլիոն տոլարի կրճատման:
Արտասահմանեան զինուորական ֆինանսաւորման առումով հաւասարութիւն հաստատուած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տրամադրուող օգնութեան չափին առումով` 2.7 միլիառ տոլար, եւ վեց հարիւր հազարական տոլար ալ` ռազմական կրթութեան եւ ուսուցման:

