Բերդաձորի Ազատագրման 20-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ մասնակցած է Շուշիի շրջանի Բերդաձորի ենթաշրջանի գիւղերու ազատագրման 20-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկին:

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հաղորդագրութեան, Բակօ Սահակեան ծաղկեպսակ դրած է արցախեան գոյամարտին զոհուած բերդաձորցիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ մարտական գործողութիւններուն ժամանակ ցուցաբերած խիզախութեան համար պետական պարգեւներ յանձնած խումբ մը ազատամարտիկներու:

Ձեռնարկին մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, պաշտօնատար անձեր, հիւրեր Հայաստանէն եւ սփիւռքէն:

 

Share this Article
CATEGORIES