Նախագահ Սարգսեան Ճափոն Մեկնելէ Առաջ Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Այդ Երկրի Դեսպանը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դիգահիդօ Եարատան:
Հայաստանի նախագահի Ճափոն կատարելիք յառաջիկայ այցելութենէն առաջ կողմերը քննարկած են հայ-ճափոնական յարաբերութիւններու օրակարգը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը մարզերու մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Ճափոնի հետ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման: Զրուցակիցները վստահութիւն յայտնած են, որ յատկապէս այս տարի, երբ կը լրանայ Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը նոր լիցք պիտի հաղորդէ բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններուն:
CATEGORIES Հայկական


