Կռփամարտ. Սիւզի Քենթիքեան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը
Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ արհեստավարժ կռփամարտի ճակատում մը, որուն ընթացքին հայազգի կռփամարտիկ Սիւզի Քենթիքեան, որ կը պաշտպանէր WBO-ի եւ WIBF-ի թեթեւ կշիռի իր աշխարհի տիտղոսները, անակնկալ պարտութիւն մը կրեց ամերիկացի Մելիսա Մաքմորույէն:
Նշենք, որ Քենթիքեան այսպիսով կրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին առաջին պարտութիւնը:
10-րդ ռաունտէն ետք իրաւարարները մեծամասնութեամբ յաղթանակը (96-94, 96-94 եւ 96-95) տուին ամերիկացիին:
CATEGORIES Մարզական


