Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Յարութիւնեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շիրակ Գիւմրիի 37 տարեկան փորձառու միջնապահ Արարատ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին, առանց սակայն հեռանալու ֆութպոլէն:
Շիրակի նախագահ Արման Սահակեան Յարութիւնեանը նշանակեց Շիրակի բոլոր տարիքային խումբերու ընդհանուր տնօրէն:
Ակումբին պաշտօնական կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Յարութիւնեան ըսաւ. «Ես Շիրակի հետ տիրացայ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքերու տիտղոսներուն գրեթէ բոլորին: Ինծի համար մեծապէս փափաքելի էր, որ տիրանայի նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, որուն այս տարի տիրացանք հինգ փորձերէ ետք: Այժմ կու գամ պաշտօնապէս յայտարարելու, որ իբրեւ արհեստավարժ ֆութպոլիստ կու գամ հեռանալու ֆութպոլի աշխարհէն: Ակումբի նախագահին կողմէ նշանակուելով բոլոր խումբերու ընդհանուր տնօրէն, պիտի փորձեմ իմ բոլոր ճիգերս ի գործ դնել` խումբին հետ նորանոր յաջողութիւններու հասնելու համար»:


