Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Կիրակի, 20 Մայիսին` 3-րդ Հանգրուանի Մրցումը
Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 20 մայիսին, «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի քարթինկի 2012 տարեշրջանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումը:
Իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ Ա. Թէ. Սէ. Էլ. նշեց, որ 3-րդ հանգրուանի այս մրցումին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 18 մայիս, յետմիջօրէի ժամը 16:30, իրենց անունները փոխանցեն կազմակերպիչ ակումբին:
CATEGORIES Մարզական

