Մտորումներ. Ժոզէֆ Տէր Խաչատուրեանի Յիշատակին (Մահուան 15-ամեակ)
Եթէ օր մը ապագայ պատմագիրը ուզէ վերակենդանացնել սփիւռքահայ իրականութեան ամբողջական պատկերը եւ անաչառ վերաբերումով մը ուրուագծել հաւաքական կեանքի մը պատուանդանը, ապա, ան աւելի քան պարտաւոր է լոյսին բերել տարբեր սերունդներու անհատական կեանքի առանձնայատկութիւններ, որոնք հիմքը հանդիսացան գաղութահայութեան ձեւաւորման, զարգացման, բայց մանաւանդ` գաղափարայնութեան պահպանման:
Ցեղասպան թուրքին եաթաղանէն ճողոպրած մեր մեծ հայրերուն եւ մայրերուն յաջորդեց սերունդ մը, որ գրեթէ նոյն տարողութեամբ ապրեցաւ զրկանքի ու տառապանքի արհաւիրքը, ճաշակեց մարդկային կեանքի ամէնէն դառն օրերն ու վիճակները, ունեցաւ յուսախաբութիւններ, երկիւղ ու սարսափ, սակայն շնորհիւ վերապրելու առհաւական բնազդին` կրցաւ տոկալ եւ շրջանցել ամէնէն օրհաս ժամանակներն անգամ, եւ լծուիլ վերականգնումի աշխատանքին` անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքին ընդառաջ:
Ժոզէֆ Տէր Խաչատուրեանի կենսագրական յուշերը կը պարփակեն վերոնշեալ վկայութիւնները` առանձնապէս լուսարձակի տակ բերելով անոր եզակի կազմաւորումն ու մարդկային բարեմասնութիւնները:
Փաստօրէն, ան կը պատկանի այն սերունդին, որ ո՛չ թէ միայն հեգնեց սեփական ճակատագիրն ու ստեղծուած անախորժ կացութիւնները, զգետնեց տկարութեան ու բարոյալքումի ամէն հոգեվիճակ, չուզեց ընկրկիլ առօրեայ կեանքի ահաւորութեան դիմաց, այլեւ շատ անգամ պիրկ զգացումներով եւ հեզահամբոյր ժպիտով մը զրահաւորուած, ինքնիր մէջ գտաւ անհրաժեշտ ներուժը` յաղթական հայեացքներով դիմակայելու անորոշ ապագան անգամ:
Արդարեւ, Ժոզէֆ Տէր Խաչատուրեանի մարդկային դիմագիծին առընթեր անոր մէջ էապէս շեշտելի էին դաշնակցականի իւրայատուկ կերպար յատկանիշները: Գաղափարայնօրէն ապրուած կեանքի մը ընդմէջէն, ան ցուցաբերած էր դաշնակցական կամքի, համոզումի եւ հաւատամքի նուիրական արժանիքներու խոր գիտակցութիւն:
Ճիշդ է, որ Ժոզէֆի սերնդակիցներ առաւելաբար ինքնադաստիարակութեամբ կրցան կենսաւորել իրենց երիտասարդականի տարիքը, այդուհանդերձ, նետուեցան կեանքի ասպարէզ` արդար քրտինքի վաստակը ապահովելու, եւ միւս կողմէ` ամբողջական լարումով, անմնացորդ նուիրումով եւ խանդավառութեամբ փարեցան դաշնակցական գործին ու ազգային արժէքներու պաշտպանութեան:
Իր շրջապատին իսկ վկայութեամբ, Ժոզէֆ Տէր Խաչատուրեանի համար սրբութեան համազօր եւ համահաւասար արժէքներ էին Հայաստանեայց եկեղեցին, հայութիւնն ու ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը, որոնք ձեւով մը կը կազմէին իր աշխարհահայեացքին կիզակէտը:
Դաշնակցական հսկայի մը` Դրոյի անմիջական շունչով եւ դաստիարակութեամբ յագեցած Ժոզէֆի կազմաւորումը շաղախուած էր այնպիսի արժանիքներով, որոնք առանցքը հանդիսացան անոր հետագայ գործունէութեան: Անոր համար գերազանց նշանակութիւն ունէին դաշնակցական մարտիկի ըմբռնումները, կարգապահ եւ ժուժկալ ըլլալու իրողութիւնը, ծառայասիրութեան կոչումը եւ, այս բոլորին առընթեր եւ բոլորէն վեր, դաշնակցականի գաղտնապահութիւնը, որով կը բացատրէր դաշնակցական գործի ամէն յաջողութիւն:
Իրօք, եթէ երբեք Ժոզէֆի սերնդակից դաշնակցականներու մասին ընդգծումներ կատարենք, ապա զանոնք զատորոշող իրաւութիւնը կը մնայ այն, որ անոնք իրենց աւանդապահի կերտուածքով` բարձր պահեցին դաշնակցականի տիպարային առանձնայատկութիւնը, գաղափարական աշխարհը, որով ոգեւորուեցան, խանդավառեցին եւ ներշնչեցին հետագայ սերունդներ:
Ժոզէֆի կեանքէն առնուած եւ իր կեանքին ու էութեան վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցած է աշխատանքային հանդիպումը եղած Դրոյի հետ:
Վստահաբար, դաշնակցական գործի մը սեւեռումով տրուած այցելութեան աւարտին երբ Ժոզէֆ Տէր Գալուստեան Դրոյի սենեակէն դուրս կու գայ, կը հանդիպին իր կողակիցին, որ նոյնպէս այցելութիւն մը տուած էր Լոլա Սասունիի, ԼՕԽ-ի աշխատանքներու ծիրին մէջս: Իրարմէ անտեղակ բայց նոյն նպատակին ծառայութեան կոչուած զոյգի մը վսեմագոյն արտայայտութիւնը, յանուն դաշնակցական գործի յաջողութեան:
Յիրաւի, ասոնք հայրենասիրութեան, գիտակցական մակարդակի, անձնազոհութեան եւ հաւատամքի անբասիր արտայայտութիւններ են, որոնց կարօտն ու ծարաւը կ՛ապրինք այս օրերուն:
Եւ դառն զուգադիպութեամբ մը, Ժոզէֆ Տէր Խաչատուրեանի կեանքին, ապրումներուն, յուզաշխարհին, մտածումներուն եւ գործունէութեան քաջածանօթ Ցաւակ Բարսեղեան` այլ տիպար ու եզակի դաշնակցական մը, իր հաւատաւոր ընկերոջ մահուան առիթով կ՛արտասանէր սրտի խօսքը, վեր առնելով իր վաղեմի բարեկամին եւ դաշնակցական ընկերոջ բարեմասնութիւնները:
Սիրելի՛ ընկեր, եթէ մահուանդ քառասունքին առիթով զլացանք քանի մը տող սպիտակ թուղթին յանձնել, թիւրիմացաբար, ապա, այսօրուան մեր անպաճոյճ մտքերը թող յիշատակիդ նուիրուած ծաղկեփունջ մը ըլլան:
Յարգա՛նք յիշատակիդ:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

