Յակոբ Պէքէրէճեանի Յիշատակին
Քառասուն օրեր առաջ մեզի հետ էիր` իբրեւ ապրող ու շնչող ընկեր. այսօր` մահէդ քառասուն օր ետք, մեր յիշողութեան մէջ անմեռ կ՛ապրիս` իբրեւ ոգեշնչող ուժ, ՀՅԴաշնակցութեան հաւատարիմ զինուոր եւ հայութեան ցաւերով ու ուրախութիւններով իր անհատական կեանքը շաղախած երէց ընկեր` իբրեւ օրինակելի դաշնակցական:
Քեզ աւելի մօտէն ճանչցայ, երբ փոխադրուեցայ «Ակնունի»ի շրջան: Նոյն ակումբի ընկերներ ըլլալը շատ յատկանշական եղաւ ինծի համար, որովհետեւ ուրիշ ընկերներու բերնով քու մասիդ լսածներս դարձան ապրող իրականութիւ`ն քո՛ւ իսկ կենդանի ներկայութեամբդ, անհատական պատումներովդ, կուսակցականի վայել քու պարկեշտ կեցուածքներովդ եւ յանուն ազգային իտէալներու զոհաբերուելու պատրաստ քու անսակարկ նուիրումիդ ի տես:
Ամէն վայրկեան պատրաստ էիր կուրծքդ ցցելու` ընդդէմ լիբանանեան հայրենիքի թշնամիներուն: Աւելի՛ն. ինչպէս պատերազմի տարիներուն լիբանանահայութեան անդորրութիւնը պաշտպանող դիրքերու վրայ, նոյնպէս ալ, հիւանդութեանդ ամէնէն տխուր իսկ վայրկեաններուն, մահուանդ սնարին վրայ ուխտեցիր մինչեւ վերջին շունչդ նոյն ոգիով ծառայել ազգիդ ու կուսակցութեանդ, պաշտպանել հայութեան բոլոր իրաւունքները:
Դաշնակցականի մաքուր վարքիդ շնորհիւ ընտանիքէդ աւելի առաջ դասած էիր ազգդ ու հայրենիքդ: Այդպէս ալ ապրեցար մինչեւ վերջ` օրինակ ծառայելով շրջապատիդ, ընկերներուդ, քու քայլերուդ հետեւող երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու:
Հիւանդութեանդ ամէնէն ծանր պահերուն իսկ արհամարհեցիր մահը եւ մեծ հաւատքով վստահեցուցիր բոլորս, որ դարձեա՛լ պիտի ելլես ոտքի, որ դարձեալ պատրաստ ես ծառայելու ՀՅԴաշնակցութեան իտէալներուն, որ առանց ակումբ յաճախելու չե՛ս կրնար ապրիլ, որ ժողովական կեանքն ու ընկերներու հետ մտերմիկ հանդիպումները ջուրի ու օդի նման էական կարիքնե՛ր ենք քեզի համար…
Բայց եւ այնպէս անողոք էր հիւանդութիւնդ: Գիտէիր, որ մօտ է բաժանումդ: Վերջին, գերագոյն խնդրանք մը ունէիր` արժանանալ դաշնակցական մարդու վայել թաղման, դագաղդ ծածկուի Եռագոյն դրօշով…
Սիրելի՛ ընկեր,
Կատարեցինք փափաքդ, եւ անցողիկ այս կեանքէն ստացած մարմինդ` ցուրտ ու անշունչ, ՀՅԴ դրօշով ծածկուած յանձնեցինք հողին` իբրեւ վերջին յարգանք քու կուսակցական վաստակիդ, մինչ հայրական խրատներդ, ընկերական անշահախնդր կեցուածքներդ, դաշնակցականի խիզախութիւնդ, մարդկային նուրբ զգացումներդ ու ազգասէր ոգիիդ անմար ցոլքերը մեր հոգիներուն խորը ամփոփեցինք` իբրեւ կեանքի փորձ, կուսակցական դաստաիարակութիւն, զոհողութեան օրինակ ու հայու անմեռ հոգիէդ ծլարձակած անկորնչելի պատգամ…
Անշեղ հաւատքով պիտի շարունակենք քալել քու ուղիէդ, երէ՛ց ընկեր:
Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակիդ:
ՊԱՐՈՅՐ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

