Մկրտիչ Միրզոյեանի Յիշատակին

Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,
Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,
Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ`
Դրօ՜շ Եռագոյն…

Ահաւասիկ ընկ. Մկէի խրոխտ ձայնն է, որ կը հնչէ մեր ականջին, ինչպէս ամէն անգամ ան կը դղրդացնէր մեր սրտերն ու հոգիները, էապէս մարմնաւորելով հայ ժողովուրդի անհամար վէրքերէն ծորած կարմիր արիւնը` նոր սերունդի հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ ներարկելով ազատ Հայաստանի կապոյտ երկինքը պոկելու երազանքը, որուն երկնակամարին ներքեւ պիտի ծլարձակէին ցորենի հասուն հասկերը, եւ ստրկութեան ու խաւարի շղթաները պատռելով` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՌԱԳՈՅՆԸ վերստին պիտի շողար Արարատի գագաթին:

Այս էր Մկրտիչ Միրզոյեանի մեծագոյն բաղձանքը, որուն իրականացման համար անձնուիրաբար աշխատեցաւ, աւելի քան յիսուն երկար տարիներ: Անոր ծանօթ չէին դժգոհութիւնն ու դժկամութիւնը, ծանօթ չէին ծուլութիւնն ու անտարբերութիւնը, ան պատասխանատուութեան բարձրագոյն գիտակցութեամբ կը փութար հոն, ուր զոհաբերական գործը զինք կը կանչէր` Սուրիոյ Ճէզիրէի շրջանէն մինչեւ Մայր Հայաստան:

Այս սկզբունքներով սնած մեր անգին ընկերը, երիտասարդ տարիքէն ստանձնեց զանազան պաշտօններ` ՀՄԸՄ-ի շարքերէն մինչեւ «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տուն, տասնեակ տարիներ վարելով ատենապետի յանձնառու պաշտօնը:

Այո՛, իր հարազատ տունն էր Մանուկեան Արամի անունը կրող հալէպահայութեան վիթխարի կեդրոնը, որուն հիմնարկէքի աշխատանքներուն իր անուրանալի դերակատարութիւնը ունեցաւ 1988-ին, երբ յատուկ առաքելութեամբ խումբ մը ընկերներու հետ մեկնեցաւ հայրենիք եւ  ՍՊԻՏԱԿէն բուռ մը հող բերելով, յաջողեցաւ մեր քարաշէն ակումբը վերածել հայաբոյր ու հայակերտ դարբնոցի:

Նաեւ յիշատակութեան արժանի է անոր տածած անհուն սէրը իր պատկանած` Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան նկատմամբ, որուն միջոցաւ Տիգրանակերտը դարձուցած էր հանապազօրեայ ապրում եւ պաշտամունք, միշտ պատրաստ նուիրագործելու, յանուն իր հայրենակիցներուն:

Բոլորս ալ հողին ենք, սակայն հողին ենք` յանուն մեր հայրենիքի պահպանման, եւ այս հոգեբանութեամբ է, որ ընկ. Մկէ՛, մենք քեզ հողին յանձնեցինք, իսկ դուն «Հանգիստ հող պիտի մտնես», որովհետեւ «Յոյսդ մենք ենք»` ընկերներդ, պիտի շարունակենք քու անաւարտ գործդ` քու պայծառ նկարագիրդ ու անհամար զոհողութիւններդ օրինակ ունենալով, պիտի շարունակենք մեր սրբազան երթը եւ մեր յաջորդներուն պիտի փոխանցենք քու պատգամդ, քու շատ սիրած եւ անգիր սորված Անդրանիկ Ծառուկեանի երկերուն բառերով.-

Եւ փառք շներին.
Նրանց` որ մահով յաղթեցին մահուան
Եւ մահից առաջ թշնամու ճակտին
Որպէս պղծութեան անմոռաց խարան,
Արեա՜մբ գրեցին`
Թէ մահն է միշտ մէկ եւ ամենայն տեղ,
Թէ մարդը կեանքում կը մեռնի մի հեղ,
Թէ հազար երնէկ ու բիւր երանի
Նրա՜ն` որ ազգի սիրոյն կը զոհուի…

Ընկ.Մկրտիչի ազգային նուիրումը միայն աշխատանքով չդրսեւորուեցաւ, ան իր կեանքին ընթացքին բազում զոհողութիւններով, խնայողութիւններով ու տքնաջան աշխատանքով կրցաւ վաստկել աշխատանքին արդիւնքը եւ այդ բոլորը ամբողջովին նուիրեց իր ծառայած գաղափարին:

Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ ընկե՛ր Մկրտիչ… մենք միայն քու մարմնիդ հրաժեշտ տուինք, սակայն քու հայատրոփ հոգիդ եւ ազգային գաղափարներդ մեզի հետ պիտի մնան առյաւէտ` որպէս լուսաշող փարոս եւ ներշնչման աղբիւր:

ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԻՑ ԸՆԿԵՐՆԵՐԴ

Share this Article
CATEGORIES