Րաֆֆի Ղազարեանի Յիշատակին

Գործ, պատասխանատուութիւն, յանձնառութիւն եւ գիտակցութիւն: Ասոնք են բաղադրիչները այն շքանշանին, զոր կը կրեն ազգասէր ու հայրենասէր անձնաւորութիւններ, որոնք նաեւ ճիգ չեն խնայեր այդ նշանի փայլքն ու հմայքը մաքրամաքուր պահելու:

Այդպիսի նշան կը կրէր մեր ընկեր Րաֆֆին, որ անյապաղօրէն կ՛արձագանգէր ազգային ու գաղափարական գործի կոչերուն, առանց տատամսելու, դժգոհելու կամ զլանալու, իր կարելին կ՛ընէր իրեն տրուած պարտականութիւնը լաւագոյնս կատարելու:

Յիսնամեայ իր կեանքի ընթացքին ան զբաղեցաւ  գաղափարական, կրթական, եկեղեցական եւ հայրենասիրական միութիւններու աշխատանքներով: Ո՛ւր որ գործեց, գործեց նուիրումով եւ անձնազոհութեամբ:

Իբրեւ հոգաբարձու Ազգային Կիւլպենկեան վարժարանի` ամենայն բծախնդրութեամբ հետաքրքրուեցաւ կրթական, ուսումնական թէ կարգապահական հարցերով: Մտահոգուեցաւ պարզուած խնդիրներով եւ իր կարելին անխոնջ կերպով ի գործ դրաւ` այդ հարցերու լուծման ի խնդիր:

Սասնայ զաւակ ըլլալով` կարծես առօրեան կ՛ապրէր հայրենի լեռներով ու ջուրերով: Սասնայ լեռնային բնութեան ազդեցութեան տակ կերտուած էր արի հայորդին: Ազգին դատը իր սեփական դատն էր, ամենայն բծախնդրութեամբ կը հետեւէր անոր աշխատանքներուն եւ նոյն բծախնդրութեամբ կը հետապնդէր իր գաղութի ազգային հարցերը:

Նախանձախնդիր էր ազգային բոլոր խնդիրներուն նկատմամբ, ահաւոր կերպով կը տագնապէր ու  կը տառապէր անոնցմով:

Չէր հանդուրժեր անտարբերութիւնը կամ թուլութիւնը եւ անվերապահօրէն կ՛արտայայտէր իր կարծիքը:

Ինքնաշխատութեամբ յաջողած էր յաղթահարել կեանքի դժուար պարագաները, շինել տուն, կազմել ընտանիք եւ դաստիարակել երկու մանչ զաւակ` բարեկրթութեամբ եւ ազգային դաստիարակութեամբ: Անոնք իրենց հօրմէն ստացած այս դաստիարակութեան շնորհիւ, անոր անունն ու համբաւը բարձր պիտի պահեն:

Բնաւորութեամբ բարի էր ու մարդասէր: Կ՛ուզէր օգնութեան ձեռք երկարել, կարեկցիլ, ցաւակցիլ ու մխիթարել:

Այսօր մե՛նք հաւաքուած ենք եւ մխիթարանք կը փնտռենք իր կորուստին պատճառած ցաւը ամոքելու համար:

Կարեկցութիւն կը հայցենք` անոր բացակայութեան ծանրութիւնը հանդուրժելու:

Սիրելի՛ Րաֆֆի, այսօր, այստեղ քու անշունչ մարմնիդ կողքին հաւաքուած են հարազատներդ, ընկերներդ, ծանօթներդ ու բարեկամներդ: Մենք հրաժեշտ պիտի տանք քու ֆիզիքական գոյութեանդ միայն, մինչ քու յիշատակդ ընդմիշտ պիտի թեւածէ մեր մէջ:

Քու յոյս դրած ընկերներդ պիտի շարունակեն սուրբ գործը նոյն բծախնդրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ, որ դուն պիտի ուզէիր շարունակել:

Հողը թեթեւ ըլլայ, հոգիդ Աստուծոյ արքայութեան մէջ լուսաւորուի եւ յիշատակդ անմոռաց ըլլայ:

ՀԵՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Share this Article
CATEGORIES