Մովսէս Պչաքճեան Կամ Տաղանդաւոր Ու Հարազատ «Լուսաւոր Աչքերով Օտարականը»(Դիմաստուերի Թռուցիկ Փորձ*)
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
I
Գրագէտին եւ իր ստեղծագործութեան միջեւ կայ խորհրդաւոր առեղծուած մը, որ վաւերական գրողներու պարագային կը դառնայ մեկնաբանութեան կարօտ գրեթէ ամէնօրեայ տագնապ ու հարցադրում, ստեղծագործական յարատեւ ալեկոծում ու ջանք եւ իմացական անդուլ ճիգ` զարմանք պատճառելով նոյնիսկ գրութիւնը երկնած արուեստագէտ գրողին: Սպիտակ թուղթին վրայ ոգի եւ մարմնին ստացած առինքնող ստեղծումին ամենայն խստապահանջութեամբ մօտեցող տաղանդաւոր գրագէտները, երբ կը փորձեն թափանցել իրենց իսկ գրութեան խորհրդաւոր աշխարհէն ներս, առհասարակ կը մատնուին անել կացութեան եւ կը դժուարանան պատասխանել արարչութեան բազմաթնճուկ հարցումներուն: Եւ, բնականաբար, կը տարուին գիրին մագնիսական հմայքէն` ապրելու համար իրենց ներաշխարհի անդրադարձներուն երկրորդ կեանքը, այսինքն` պատասխաններու արգանդէն լոյսին եկող նոր հարցումներուն ահազանգող ներկայութիւնը:
Աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր իր էութեան խորհուրդները որոնող-յայտնագործող Մովսէս Պչաքճեան անուն գեղագէտ արձակագիրը կը պատկանի ի վերուստ բացառիկ անհատականութեամբ եւ անձնադրոշմ ձեռագիրով օժտուած բախտաւոր ծնունդներու այս խումբին: Եւ որովհետեւ գրութիւնը աւելի մեծ ու առաւել արժէքաւոր է ստեղծագործութիւնը երկնած գրագէտէն, իսկ ստեղծագործութիւնը շատ աւելի ծանրակշիռ ու թանկարժէք` խօսքին ակնաղբիւրը հանդիսացած սրտէն ու խոհերու օրօրոց գլուխէն, գրականութեան անդաստանին մէջ խորացող ուղեւորը իր շօշափելի գոյութենէն աւելի երկար ու կախարդական ստուերներ կը ձգէ իր ետին, եւ առաւել խօսուն ու բազմախորհուրդ երկարատեւ արձագանգներ` իր իսկ ձայնէն:
Ի՞նչ բանի վերագրել գրողին եւ իր գիրին միջեւ ծաւալող այս համեմատական տարբերումը: Գրողին ներաշխարհի անհունութեա՞ն, անսպասելի գիւտի՞ն, դիպուածի՞ն, թէ՞ Բանին խորախորհուրդ բնոյթին: Ինչո՞ւ մարդուն արարչագործութիւնը աւելի կենսական եւ յաւերժական պիտի ըլլայ նոյնինքն Բանին խորհուրդները բառերու մէջ բանտարկած մարդ արարիչէն: Դժուար է, չըսելու համար անկարելի, տալ վերջնական պատասխանը այս հարցումին: Տիեզերքն ու տիեզերական գաղտնածածուկ առեղծուածները արարած Աստուած, իր արարչագործութեան պահուն, եթէ կարիքը զգար հարցասէր վկային, շատ հաւանաբար ան` վկան, առանց տատամսելու վկայէր. «Գրութի՞ւնը, թէ՞ նոյնինքն բանը արարած մահկանացու անմահը…»: Եւ պահ մը մտածելէ ետք, հաստատէր.
– Գրութի՛ւնը:
Գրութիւնը չունի սահման: Կը համախմբէ կեանքն ու աշխարհը, տիեզերքն ու իր խորհուրդները, կը քանդէ ու կը շրջանցէ նոյնիսկ իր ծանօթ կաղապարներն ու սահմանները եւ կը հռչակէ ստեղծագործական հոգելարումին ոչ մէկ սահման ու սահմանում ճանչցող օրինաչափութիւնը: Մէկ խօսքով` ստեղծագործական արկածախնդրութեան անաւարտ ու մշտանորոգ օրինաչափութիւնն ու իր անկախ տրամաբանութիւնը, եթէ նոյնիսկ այդ տարօրինակ տրամաբանութիւնը մեզի կ՛այցելէ անտրամաբանական մտածելակերպի մը եղափոխիչ կշռոյթներով:
«Ի սկզբանէ էր Բանն եւ Բանն էր առ Աստուած»:
Էր, է՛ եւ պիտի՛ մնայ յաւերժական ու յաւերժախօս խորհուրդը: Մարդուն գոյութեան աստուածաշնորհ իրաւունքին եւ աստուածաձիգ խոյանքին, պարզ ըսած` երկրայինէն դէպի երկնային բարձունքներ աղեղուած սրբազան խենթութեան առեղծուածը, դուք հասկցէք` Ադամի ժառանգորդներուն դէպի իրենց սկիզբը խորացող անվերջակէտ վերադարձը, որպէսզի յայտնագործ ու էարար Բանը միշտ ըլլայ եւ մնայ սկիզբը բոլոր սկիզբներուն, միակ մեկնակէտ եւ ամէնօրեայ յարատեւ որոնում, արարչագործութեան ծէս ու խրախճանք, գերագոյն նպատակ ու նպատակասլաց ուղեւորութիւն, իսկ խորհուրդներու ուղեւորը` զարմանալի, սիրելի եւ օդի ու լոյսի չափ միշտ անհրաժեշտ «լուսաւոր աչքերով օտարականը»:
II
Մարդուն դարաւոր կիրքերը, պարտութիւններն ու յաղթանակները, երկրային գալարումներն ու երկնաթռիչ երազները, յոյզերն ու խոհերը «Անկարելի կարելին» (1973) անուն արդիաշունչ թատերախաղով շուրջ քառասուն տարի առաջ գիրի եւ շարժումի վերածելէ ետք, Մովսէս Պչաքճեան բացուեցաւ արձակի գրեթէ բոլոր սեռերուն` ստորագրելով զիրար ամբողջացնող փորձագրութիւն ու պատմուածք, գրանկար ու տպաւորապաշտ էջ, ակնարկ ու վէպ եւ նոյնիսկ բանաստեղծութիւն: Գրականութեան եւ մերձ գրական կալուածներուն ցանկապատերը քանդելու եւ անոր այլաբնոյթ ու այլերանգ տարածութիւններուն մէջ ազատ-համարձակ ինքզինք որոնելու եւ իր եսն ու դիմագիծը կատարելագործելու այս գեղարուեստական անհանդարտութեան ետին շատ հաւանաբար կար ու պէտք է տեսնել ստեղծագործական փորձաքարին վրայ իր ուժերը չափելու եւ ամբողջական մարդն ու գրագէտը ըլլալու արուեստագէտին ամբողջական ծրագիրը, կամ առնուազն` ներքին մշտախռով ձգտումը: Սփիւռքածին հայ մարդու առօրեայ եւ ապագայատեսիլ հիմնահարցերէն, տարօրէն ազգային եւ էապէս համամարդկային իրավիճակներէն, այլասերման եւ իր ինքնութիւնը ամրագրելու վճռականութենէն, գոյութենական բարդ ու բազմախաւ հարցադրումներէն, անժամանցելի տագնապներէն ու նոյնքան յաւերժահունչ կարօտներէն ու սէրերէն ծնունդ առած իրերայաջորդ 11 երկիր, որոնց մէջ եթէ առիւծի ծանրակշիռ բաժինը գրաւեց վիպագրութիւնը` «Ծիծեռնակներ պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն» (1990), «Լուսաւոր աչքերով օտարականը» (1997) եւ երկհատոր «Անցողիկը եւ անժամանցելին» (2005), այնուամենայնիւ, նուազ թեթեւ կշիռք չունին նոյնիսկ իր մերձ գրական երկիրը` «Բարե՛ւ, Հայաստան», (էսքիզներ, 1975), «Լուացք` փռուած տանիքի վրայ» (գրանկարներ, 1987), «Անկատար վերծանումներ» (գրանկարներ, 1997), «Աշխարհահայեաց պատուհան» (ակնարկներ, 2002) եւ վերջինը իր հատորներուն` «Վարագոյրը իջնելէն առաջ…» (2005) օրագրային էջերը:
Շղթայի ամրապինդ ու ամրափակ օղակներու պէս իրարու ագուցուած ամբողջութիւն մը, որ լաւագոյնս կը վկայէ հեղինակին կոչումին ու առաքելութեան հաւատարիմ գրագէտի բարձր գիտակցութեան եւ առաքելական ծրագիրին մասին:
Քառասուն տարի եւ գերլարուած ու յարգելի ծանրակշիռ, հարուստ ու այլաբնոյթ վաստակ մը, որ գնահատելի է ըստ ամենայնի: Գրագէտին այս երկարաշունչ ստեղծագործական ուղեւորութիւնը համապատասխան խորաթափանց մօտեցումով ուսումնասիրելու եւ արդար դատումներ կատարելու կոչուած գրականագէտը, վաղը, անկասկած, պիտի խորասուզուի իւրաքանչիւր երկի անհունն ի վեր, ո՛չ միայն իր բարեխիղճ ու անսխալ գնահատումն ու արժեւորումը կատարելու նախանձախնդրութենէն առաջնորդուած, այլեւ` յայտնագործելու եւ պեղելու համար համապարփակ բացայայտումի կարօտ լուսաւոր ու մութ ծալքերը Մովսէս Պչաքճեանի գրականութեան տիեզերքը բաղկացուցած վերոնշեալ մոլորակ-հատորներուն: Իբրեւ երկու խօսք թուղթին յանձնուող մեր մօտեցումի թռուցիկ փորձը գրագէտին վաստակին` հեռու է ե՛ւ այդ իրաւունքէն, ե՛ւ փառասիրութենէն: Առաւելագոյն պարագային անիկա կրնայ ըլլայ անաւարտ ուրուանկարի համեստ ճիգ մը, վարագոյրը բանալու փոքր փորձ մը` ընթերցողին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար այն աշխարհին վրայ, որուն գրաւիչ ու անդիմադրելի ոլորտներէն ներս թափանցելը կ՛ենթադրէ հոգիի, միտքի ու ջիղերու երկարաշունչ եւ երկարատեւ գերլարում, խորաթափանց ընթերցում ու հոգեմտաւոր ամբողջական մասնակցութիւն` ներքին լարերու, բանականութեան ու երեւակայութեան օժանդակ մասնակցութեամբ:
III
ԱՆկարելի է խուսափիլ ընդհանրացումներու պարտադրանքէն: Իբրեւ յառաջաբան թուղթին յանձնուած այս գրութիւնը, ըսինք արդէն, առաւելագոյն պարագային կրնայ ըլլալ կիսաբաց պատուհան մը` հեղինակին անծայրածիր ու հարուստ աշխարհին եւ անոր իրերայաջորդ հորիզոններուն վրայ:
Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս:
Այո, իր աշխարհը եւ այդ աշխարհին իրաւ, ինքնուրոյն, տագնապներով ու երազներով ամբողջացած համեստ, բարի, վեհանձն, անձնամոռ, բայց միաժամանակ կրքոտ, ջղային, կռուազան, խենթ ու խելար եւ հեշտասէր կենդանի տիպարները ստեղծած գեղագէտ արձակագիր մըն է Մովսէս Պչաքճեան, բանաստեղծի խառնուածքով, նուրբ զգայարանքով, համապարփակ աշխարհահայեացքով, լուսաւոր ու պայծառ աչքերով, բայց մանաւանդ իր հարուստ կենսափորձով յատկանշուող արուեստագէտ արձակագիր մը, որ ունի նոյնքան ինքնատիպ ձեռագիր, հեզասահ, կայտառ ու գրաւիչ ոճ, հարուստ ու թարմ պատկերամտածողութիւն, բացառիկ երեւակայութիւն, երեւոյթներուն ու կացութիւններուն անտեսանելի ճշմարտութիւնները սեւեռող իմաստասիրական խոհականութիւն եւ կայացած գրագէտի վաւերական դրոշմ:
Այս բոլորը եւ դեռ` աւելի՛ն:
Մարդուն մարդեղացման ի խնդիր միշտ ճենճերող եւ ինքզինք ու իր էութիւնը սպառելով լոյսի վերածող իրաւ գրագէտն է ան, որուն ստեղծումը, ի պատիւ իրեն, յոյզ, միտք, ապրում, երազ, երեւակայութիւն, ոճ ու արուեստ ըլլալէ առաջ եւ վերջ, ազնիւ ու իրաւ վկայութիւն մըն է` մերօրեայ տագնապահար հայ մարդուն եւ անոր ազնուագոյն տենչերուն, տառապանքներուն, մաքառումներուն, յուսաբեկումներուն, պոռթկումներուն ու ճակատագրական հիմնահարցերուն մասին: Ահա թէ ինչու երբեք զարմանալի չէ, երբ անոր հերոսներէն ոմանք յանկարծ կը յայտնուին յաջորդ վէպի էջերուն, կ՛ապրին իրենց վերանորոգ երկրորդ կեանքը եւ առաւել թափով եւ ուժականութեամբ կը լարեն իրենց նպատակասլաց ու անվախճան գոյամարտը: Աշխարհացրիւ հայ մարդուն ցեղային ու մարդկային գոյակռիւը: Կեանքին պէս, կեանքին զուգահեռ եւ կեանքէն վեր:
Այդ իսկ պատճառով, տեսլական ու գրական ծրագիր ունեցող արուեստագէտ գրողի իր լրջութեան, կոչումին, պատասխանատուութեան ու բացառիկ կարողութիւններուն պերճախօս ապացոյցներն են նոյնիսկ իր մերձ գրական գրութիւնները, որոնք, ինչպէս նշեցինք, նուազ հետաքրքրական ու արժէքաւոր չեն, եւ միեւնոյն հաճոյքն ու հրճուանքը կը պատճառեն ընթերցողին: Մէկը միւսէն աւելի ինքնուրոյն, ուշագրաւ, ինքնատիպ ու բաբախուն ստեղծումներ են գրեթէ բոլորն ալ, Մովսէս Պչաքճեանի վաւերական շունչով ու դրոշմով թրթռացող ապրուած գրութիւններ, որոնք, հեղինակին իսկ սրտայոյզ վկայութեամբ, եթէ չգրուէին` աշխարհը պիտի չքանդուէր, մարդկութիւնը համատարած աղէտի ու սուգի պիտի չմատնուէր, սակայն պիտի խանգարուէր կարեւոր բան մը: «Համաստեղութիւն մը: Չէ՞ որ սրահի մը հարիւրաւոր լոյսերէն մէ՛կը եթէ չվառի, ոչինչ կը փոխուի սրահին լուսաւորութենէն, սակայն կը բացուի խոց մը այդ սրահին լուսաւորութեան մէջ»:
Մովսէս Պչաքճեան խորապէս իրաւունք ունի, որովհետեւ գերզգայուն հայու եւ մարդու խմորէ շաղուած այս գրողը եղաւ ո՛չ միայն իր տարբեր երանգով, ձայնով ու բոյրով լուսաւորեալ տա՛ք լոյս մը, այլեւ` սփիւռքահայ արձակի վերջին քառասուն տարիներու ամէնէն ուշագրաւ ներկայացուցիչներէն մէկը:
Մարդուն ներքին աշխարհի ոլորտներէն ներս թափանցելու, կեանքի առօրեայ հեւքին ու յորձանքին անհեթեթ իրողութիւնը բացայայտելու, նոյնիսկ շրջապատի ոչ-վիպական իրականութենէն արդի, հակասական, խաչաձեւուած, անհանդարտ վիպական աշխարհ մը եւ տիպարներ ստեղծելու այս քառասնամեայ ճիգին ու տաղանդին նորագոյն դրսեւորումն է նոյնիսկ ցնցիչ հոգեվիճակներով, դառն ապրումներով, ողբերգական կշռոյթներով եւ ցաւագին պոռթկումներով միահիւսուած իր վերջին հատորը` «Վարագոյրը իջնելէն առաջ…»:
Ապրուած կեանք մը` բառին ամբողջական առումով, բայց միաժամանակ` նաեւ չապրուած, մարմին չստացած երազներու նո՛յնքան ծանրակշիռ ամբողջութիւն մը` բառին է՛ն վաւերական իմաստով: Եւ գրող մը, աւելի ճիշդ` մանուկի անաղարտ հոգին ու աչքերը մաքրամաքուր պահած արեւելքցի երգիչ մը, որ դժգոհ արուեստագէտի իր խառնուածքին ու կոչումին հաւատարիմ` մերօրեայ սփիւռքահայուն եւ մարդուն տուայտանքներն ու երազները երգեց անմիջական, զուարթախոհ, պատկերաւոր, խոհաթռիչ եւ հաղորդական այնպիսի՛ ջերմ ոճով մը, որ պարզունակ թուացող վիճակները նոյնիսկ կը բարձրացնէ իմաստասիրական լուրջ ոլորտներ, մակերեսային իրականութիւններէն կ՛արարէ յաւերժական ճշմարտութիւններ, արցունքը կը վերածէ ծիծաղի չափ սրտագրաւ խօսք ու խոհի, որպէսզի անսկիզբ ու անվերջ այս տիեզերքի սրտին վրայ կանգնելով` շարունակէ աղաղակել հպարտաձայն.
«– Ե՛ս ալ մարդ եմ…»:
IV
«Ի սկզբանէ էր Բանն եւ Բանն էր առ Աստուած»:
Բայց նաեւ` աստուածային մարտահրաւէր: Յակոբ Կարապենցէն եւ Վահէ Օշականէն ետք, սփիւռքահայ ժամանակակից արդի արձակի այս տաղանդաւոր ներկայացուցիչը, մեր դառնադաժան ու փոթորկայոյզ օրերուն գոյութենապաշտ վկան ու վկայաբերն է, որ արժանաւորապէս վերցուց իր երեսին շպրտուած ձեռնոցը: Ահա թէ ինչու Մովսէս Պչաքճեան իրաւունք ունի աւելցնելու.
– Ես ալ «ի պատկերի իւրումն» արարուած Արարչագո՛րծ Մարդ եմ:
Իսկ մեզի կը մնայ աւելցնել.
– Բարի ընթերցում եւ բարի վայելում:
Պէյրութ, 16 մայիս 2012
* Այս ուրուանկար-փորձը տեղ պիտի գրաւէ Vivacell-ի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ հրատարակելի Մովսէս Պչաքճեանի արդէն մամուլի տակ գտնուող ամբողջական երկերու առաջին հատորին սկիզբը` իբրեւ յառաջաբան:

