«Վարագոյրը Իջնելէն Առաջ…»

Մինչ պարանը կը նեղնայ վիզիս շուրջ ու ես քառասմբակ  կ՛արշաւեմ դէպի եզրակացութիւն, կը հաստատեմ, թէ մեծ զգայնութիւններ չեն տարբաղադրուիր հոգիիս մէջ: Կը նայիմ շուրջս ու կ՛ենթադրեմ, որ բոլորն ալ առողջ են ու կը նախանձիմ: Ինչո՞ւ ես եւ ոչ ուրիշ մը` կը մտածեմ: Ինչո՞ւ ուրիշ մը եւ ոչ ես` մտածած էի ուրիշ անգամ, երբ առողջ էի ու թեկնածու չէի մահուան: Ուրեմն հաւասարակշռութիւնը պահուած է առաւելագոյն չափով:

Ինչ կը վերաբերի զգայնութիւններուն, այդ մասին մտահոգ եմ, աւելի քան երբեք: Նախ զիս կը զարմացնէ պարտուողականութիւնս: Ենթակայական այս կեցուածքը կը զայրացնէ զիս, բայց կը շարունակեմ նոյն ուղիէն: Ի՞նչ կրնամ ընել, որ գոնէ ինծի յեղափոխական թուի: Ճամբորդե՞մ, մա՞րդ սպաննեմ, հաշիւնե՞ր լուծեմ, ի՞նչ ընեմ: Ի՞նչ պիտի ընէր ուրիշ մը իմ պարագային: Կէսօրին, կիրքով մը կը բացատրէի մօրս, որ կը ցաւիմ, շատ կը ցաւիմ, որ չեմ կրնար ինքզինքս բացատրել, հասկցուիլ: Ու երբ կրկին խօսեցայ ցաւերուս մասին, ան փրփրեցաւ ու անգամ մը եւս պնդեց, եւ վերջնականապէս, թէ բան չունէի, թէ պիտի ապրէի: Իսկ աւելի համոզիչ ըլլալու համար, ըսի.

– Եօթը օր կու տամ քեզի, այսինքն` ինծի:

Ուրեմն եօթը օր ունիմ: Այս ժամանակամիջոցին ամէն հարց լուծուած կ՛ըլլայ ինծի համար: Կ՛ենթադրեմ, որ այլեւս վերջացած կ՛ըլլամ:

Մայրս ետեւը նստած է ու չի կրնար գուշակել, թէ իր զաւակը, այսինքն` ես, ինչեր կը գրեմ այս պահուս: Տխուր է ան, միշտ արցունք կայ աչքերուն մէջ, բայց կը հաւատայ, որ ոչինչ պիտի պատահի, թէ ունեցածս հիւանդութիւն չէ, ֆիզիքական չէ, այլ մէկը թշնամութիւն ունի:

– Անգամ մըն ալ նաւով ծովը անցիր,- կ՛ըսէ ան:

Թուղթ շինել, կապար թափել, վախ բռնել ու «Աւետարան» կարդալ: Այս բոլորին ալ կը հաւատայ մայրս ու կ՛ուզէ, որ ես ալ հաւատամ: Իր պնդումով է, որ «ֆաքիր»ի մօտ գացի, կապար թափել տուի, «Օդանաւով ծով անցիր» ըսաւ, վախի դեղ բերել տուաւ Հալէպէն: Անօգուտ: Հիմա ալ կ՛ուզէ, որ նաւով ճամբորդութիւն մը ընեմ:

Ուրեմն եօթը օր տուած եմ մօրս, այսինքն` ինծի: Ունիմ համոզումը, որ այլեւս յոյս պէտք չէ ունենամ: Միակ մաղթանքս է արագ մահուան մը արժանանալ: Կեանքին դժուարութիւնները մասամբ գիտեմ, բայց չէի գիտեր, որ մեռնիլը կրնայ այսքան հարց ստեղծել ինծի: Դուրսը հիանալի արեւ մը կայ այսօր: Ինչպէ՞ս կարելի է հրաժարիլ երկրագունդին հրամցուցած բարիքներէն, միրգերէն, եղբօրմէս, ծնողքէս ու քոյրերէս, բայց այդ մասին խորհրդածել անտեղի է այլեւս: Եթէ գիշերը քնանամ ու վերջին շունչս փչեմ քնացած ատենս ու ես չիմանամ, թէ մեռած եմ, չկամ այլեւս, շատ գոհ պիտի մնամ: Ժամանակին ուսուցիչ մը ունեցած եմ, գիտութեան ուսուցիչ մը: «Քնացաւ, երբ արթնցաւ, ինքզինք մեռած գտաւ» կը պատմէր ու այնքան խնդացած էինք այս բացատրութեան վրայ: Հիմա կը տեսնեմ, որ այնքան ալ ծիծաղելի չէ եղեր: Ես ալ կը ցանկամ քնանալ ու երբ առտուն արթննամ, ինքզինքս մեռած գտնեմ:

Քիչ ետք եղբայրս կու գայ: Պէտք է զգուշ ըլլամ: Ինծի կը թուի, որ իմ կացութիւնը տեսնելով այնքան կը զգացուի, որ ծունկերուն մէջ տկարութիւն մը սկսած է սողոսկիլ: Գիտեմ Յարութին թափանցիկ հոգին: Աննման տղայ է: Ուրեմն պէտք է քիչ մը բնականութիւն կեղծեմ, որպէսզի զինք ալ չհիւանդացնեմ:

Երկուշաբթի, 1 յունիս 1981

*
*    *

Կը գրեմ, ուրեմն կ՛ապրիմ: Դեռ…

Խանգարուած է քալուածքիս կշռոյթը: Կը քալեմ արագ, աւելի արագ, կ՛անդրադառնամ, որ սկսած եմ քրտնիլ, կը դանդաղիմ` քիչ ետք կրկին արագացնելու համար քայլերս: Երբ շարունակ ուշադրութիւն կը դարձնեմ քալելու եղանակիս, կը նշանակէ, թէ կորսնցուցած եմ բնականը, կը նշանակէ, թէ անբնական բան մը կայ, խանգարուած բան մը, բաներ…

– Ինչո՞ւ կը վազես, հարցուց օր մը կողքէս գացող եղբայրս:

– Ինծի կը թուի, թէ մահէն է, որ կը փախչիմ,- ըսի…

Տարիներ անցան, բայց տարիներս չանցան, տունն եմ, հիւանդ, պարտադիր հանգիստ մը: Գործատէրիս վերջին վճարումը զայրացուց զիս, վրան նետեցի չէքը ու քալեցի: Առկախ վիճակ մը: Հիմա մտածումիս մակերեսին կը բարձրանան անոր բոլոր ժխտական կողմերը, հարց կու տամ, թէ կարելի՞ է, 1981-ի դեկտեմբերին, գտնուի Փարիզի մէջ մէկը, որ այսքան կատարելութեամբ խաբէ բոլորը, գործաւորները, պետութիւնը, բոլո՛րը: Այս որքա՜ն բան տեսայ այս քանի մը տարուան ընթացքին: Որքա՜ն անարդարութիւն, ենթակայութիւն, գործ կորսցնելու սարսափէն տարուած կրաւորականութիւն, գիտակցութիւն, բայց լռութիւն, դաւադիր լռութիւն: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ գործատէրը շարունակէ բարգաւաճիլ, մինչ աշխատաւորները շարունակեն նահանջել, ամէն օր բան մը պակաս ունենան ու միեւնոյն ժամանակ արդարացնեն գործատէրը, մարդ մը` որ կը շարունակէ ժպտիլ, կեղծել, սպառնալ ու ուռճանալ անդուլ: Կը մտածեմ անոր պողպատեայ արկղին, ուր պահուած են չեմ գիտեր ինչեր, բայց գիտեմ, թէ ինչ որ կայ հոն, պէտք է պատկանէր ուրիշներուն, մեզի, քարտուղարուհիին, ինծի: Չէի կրնար այսքան անարդարութիւն երեւակայել իսկ: Արդիական գերութիւն մը, զզուելի բոլոր համեմատութիւններով:

Երէկուան «Լիպէրասիոն»ին մէջ կայ փոքրիկ լուր մը, ըստ որուն` Միացեալ Նահանգներու «Ծերակոյտի Արտաքին Յանձնախումբ»ին նախագահը, Հանրապետական Շառլ Փըրս, կը ծրագրէ պահանջել «Ծերակոյտ»էն վաւերացումը ցեղասպանութեան դէմ 1948-ի դաշինքին, որ որդեգրուած էր «Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան» 9 դեկտեմբերի 1948-ի Ընդհանուր Ժողովին, հիմնուելով նացի Գերմանիոյ հրեաներու դէմ գործած հալածանքներուն եւ ջարդերուն: Թերթը կը յիշէ, թէ Փըրսի այս փորձը հաւանական է, որ ձախողի:Հակառակորդները կը նշեն, թէ նման վաւերացում կրնայ ճամբայ հարթել ցեղասպանութեան մասին դատական «փրոփականտ»ի: «Վիեթնամը կրնար ամբաստանել Միացեալ Նահանգները ցեղասպանութեան փորձով»` յայտարարած է Սթրոմ Թերմընտ:

Հրաշալի է, չէ՞…

Կա՞յ աշխարհի վրայ մեծ պետութիւն, որուն ձեռքերը արիւնով ներկուած չըլլան: Եթէ բոլորն ալ նման վախ յայտնաբերեն, թուրքը կրնայ յաւիտեանս մերժել ու ուրանալ մեզի դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը: Նոյն թուրքը չէ՞ր, որ Միացեալ Նահանգներու երեսին պոռացած էր ըսելով, թէ ոչ թէ իրենք էին ցեղասպանութիւն կազմակերպողները, այլ` նոյնինքն Ամերիկան, ամբաստանուած հնդիկներու բնաջնջումով…

Հրաշալի է, չէ՞…

Քանի մը օր առաջ «Յառաջ»-ի մէջ չկա՞ր յօդուած մը, ուր կը յիշուէր Ուաշինկթընի «Ցեղասպանութեան կեդրոնին» հայերու կատարած նուիրատուութիւնը եւ ուր կ՛ըսուէր, թէ հայերը տեղ պիտի չունենան այդ թանգարանին մէջ, թէ այդ «Կեդրոն»ին վրայ հսկողները դրամով գնուող մարդիկ չեն, աներկբայօրէն հասկցնելով, թէ նման նուիրատուութիւն ոչինչ կը փոխէ պատմութենէն, թէ հայերը նոյնիսկ իրաւունք չունին նման կեդրոններու մէջ գոյութիւն ունենալու, թէ միայն հրեաներն են որ…

Բայց մէկ-երկու տարի առաջ չէ՞ր, որ Սիմոն Վէյլ կը յայտարարէր, թէ եթէ աշխարհ ժամանակին դատապարտէր Հայկական ցեղասպանութիւնը, հրեաները հաւանաբար չենթարկուէին նման ճակատագրի…

Մինչ այդ աղօթենք մարոքցիներու հետ ու խնդրենք Աստուծմէ, որ աւելի մեղմ գտնուի այդ երկրին հանդէպ ու վերջ տայ երաշտին: Անհամար հողագործներ լքելով իրենց արտերը` սկսած են գաղթել դէպի քաղաքները: Կարգ մը շրջաններու մէջ նոյնիսկ կոյուղիներ ցամքած են:

Երկուշաբթի, 7 դեկտեմբեր 1981

ՄՈՎՍԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆ

(Հատուած)

Share this Article
CATEGORIES