Աւելի Քան 250 Պատանի-Պարմանուհիներու Պարային Մասնակցութեամբ Համազգայինի «Գայեանէ» Պարախումբը Արձանագրեց Անկիւնադարձային Եւ Որակային Նոր Ոստում Մը

Հովանաւորութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի, երէկ` ուրբաթ, 18 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ սկսաւ Համազգայինի պարարուեստի դպրոցի «Գայեանէ» պարախումբի տարեկան ելոյթը` մասնակցութեամբ աւելի քան 250 պատանի-պարմանուհիներու եւ ներկայութեամբ շուրջ հազար հանդիսատեսներու:

«Գայեանէ»-ի պարողներու բարի գալուստի պարէն ետք, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յաւերժ Շխրտըմեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ աշակերտները գեղարուեստի դպրոցներուն մէջ արուեստի ճիւղերուն հետեւելու կողքին կը ստանան ազգային դաստիարակութիւն` թիկունք կանգնելու հայ ժողովուրդի դարաւոր ժառանգութեան:

Շխրտըմեան աւելցուց, որ «Գայեանէ» պարի դպրոցին մէջ աշակերտները հայկականին կողքին նաեւ կը ծանօթանան օտար ազգերու մշակոյթներուն: Յաւերժ Շխրտըմեան ըսաւ. «Ամէն պար շարժում է, բայց ամէն շարժում պար չէ, եւ Համազգայինի մէջ աշակերտները կը սորվին պարարուեստ` իր բոլոր ճիւղաւորումներով»:

«Գայեանէ»-ի գեղարուեստական պատասխանատուն եւ պարուսոյցն է Անդրանիկ Գրիգորեան, որուն օգնականն է Նարինէ Գրիգորեան: Պարախումբը շուրջ երկու ժամուան ընթացքին պարեց «Իրիկնային»-ը, «Ալվան վարդեր»-ը, «Հովիւներու պար»-ը, «Գնչուական»-ը եւ այլ պարեր:

Յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի պարարուեստի միաւորի «Քնար» պարախումբը, որ ներկայացուց «Շիրխանի»-ն եւ «Արցախ»-ը: «Քնար»-ին այս մասնակցութիւնը ամուր կապը հանդիսացաւ «Գայեանէ»-ի եւ «Քնար»-ի միջեւ, ինչ որ առաւել եւս կը գօտեպնդէ առողջ սերնդափոխութիւնն ու երթի շարունակութիւնը:

Ելոյթին ընթացքին նաեւ բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը` խմբավարութեամբ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի: Համոյթը պարախումբին մասնակցութեամբ նուագեց սպանական նուագ մը, ինչպէս նաեւ մասնակցեցաւ տհոլի համոյթին հետ միացեալ կատարումին: Յայտնենք, որ Համազգայինի տհոլի համոյթը նաեւ առանձին ունեցաւ կատարում մը, որ յառաջացուց մեծ խանդավառութիւն: Յայտագիրը փակուեցաւ հաւաքական պարով մը:

Նշենք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, միեւնոյն սրահին մէջ, «Գայեանէ» պարախումբը պիտի ունենայ իր երկրորդ եւ վերջին ելոյթը:

«Գայեանէ»-ն իր այս ելոյթի որակային եւ թուային աճով, պարացանկի իւրայատուկ նորարարութիւններով, գունագեղ տարազներով եւ կազմակերպուածութեամբ արձանագրեց անկիւնադարձային ոստում մը, որ սկիզբը կրնայ հանդիսանալ նոր նուաճումներու:

Share this Article
CATEGORIES