Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սուրիահայ Վարժարաններու Օժանդակութեան Ֆոնտ

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց հիմնադրութիւնը «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ին, որուն նպատակը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելն է Սուրիոյ մէջ հայկական վարժարաններուն:

«Սուրիոյ մէջ զարգացող ցաւալի դէպքերը բնականաբար խանգարած են կեանքի բնականոն ընթացքը: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաւատայ, որ վարժարաններու բնականոն գործունէութեան ապահովումը կարեւորագոյն երաշխիքն է հայ մատղաշ սերունդի առօրեան բնականոն հունի մէջ պահելու», յայտարարեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զեփիւռ Է. Ռէիսեան:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան յաւելեալ բացատրութիւն տուաւ ծրագիրին մասին` շեշտելով, որ միութիւնը ժամանակ մը առաջ անդրադարձած էր, որ Սուրիոյ դէպքերուն պատճառով տեղւոյն հայութիւնը ընկերային եւ տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ կրնայ յայտնուիլ: Յետ քննարկումներու, Կեդրոնական վարչութիւնը յարմար նկատած էր ՀՕՄ-ի օժանդակութիւնը կեդրոնացնել սուրիահայ վարժարաններուն վրայ` շեշտելով, որ այդ օժանդակութիւնը յատկացուի «կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներու»: Այդպիսով, թէ՛ կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներու բեռը կը թեթեւնայ, թէ՛ վարժարաններու գործունէութեան շարունակականութեան նպաստած կ՛ըլլայ ՀՕՄ-ը:

«Մեծապէս գնահատելի է Կեդրոնական վարչութեան այսօրինակ ֆոնտի մը յառաջացման որոշումը», յայտնեց ՍՕԽ-ի ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեան: «Երկրին դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապը ազդած է նաեւ հայ համայնքին վրայ եւ ՍՕԽ-ի խնամատարական յանձնախումբէն նպաստ ստացող ընտանիքներու եւ կրթական ֆոնտի սաներու թիւը կրկնապատկուած է անցնող տարեշրջանին: Համոզուած ենք, որ մինչեւ յառաջիկայ սեպտեմբեր ՀՕՄ-ի աշխարհատարած միաւորները իրենց անկարելին կարելի պիտի դարձնեն առաւելագոյն օժանդակութիւնը ցուցաբերելու սուրիահայ կրթական օճախներուն եւ այդ ճամբով` սուրիահայութեան: Կասկած չունինք, որ այլ կարիքներու պարագային եւս աշխարհասփիւռ հայութիւնն ու ՀՕՄ-ի համահայկական ընտանիքը դարձեալ մեր կողքին պիտի կանգնին` դուրս գալու համար այս ճգնաժամէն», եզրակացուց ան:

«Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ին նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել ՀՕՄ-ի բոլո՛ր տեղական մասնաճիւղերուն ու շրջանային պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի կայքէջին (http://www.ars1910.org) ճամբով: Բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի կեդրոնանան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան մօտ եւ 2012-2013 դպրոցական տարեշրջանի նախօրեակին փոխանցուին Սուրիահայ օգնութեան խաչին` անոր տնօրինումով յատկացուելու համար տեղւոյն հայկական վարժարաններուն, թեթեւցնելու համար սուրիահայ ծնողներուն բեռը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES