Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Վաղը` կիրակի, 20 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Անդրանիկ Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին:
Ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ այս մրցումին տոմսակները կարելի է գնել դաշտին կիշէէն:
Նոյն օրը, վերոնշեալ մարզահամալիրին մէջ, սակայն երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Անիպալ Զահլէ – Շանվիլ կիսաւարտականի մրցումը (բաժակի մրցաշարք):
Մրցումին յաղթականը, որ պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, իր դէմ պիտի ունենայ Հուփսը: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 21 մայիսին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
CATEGORIES Մարզական

