ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սաֆայի Ակումբ
Երէկ` ուրբաթ, 18 մայիսին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը` բաղկացած Յակոբ Քէշիշեանէ, Հայկ Թապաքեանէ, Նազօ Հապիպեանէ, Յովհաննէս Յուսամեանէ (Ճոքի) եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Համբիկ Միսաքեանէ, այցելեց Սաֆա ակումբ (Ուաթա Մսայթպէի շրջան):
Այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր շնորհաւորել Սաֆան, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով 2011-2012 տարեշրջանին հանդիսացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան:
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը ընդունեցին Սաֆայի նախագահ Իսամ Սայեղ, Պահիժ Ապու Համզա, Ա. խումբին պատասխանատուները եւ մարզիչները:
Սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած այս այցելութեան աւարտին, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան ստորագրեց ակումբին յուշամատեանին մէջ` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ այլ նուաճումներ:
Նշենք, որ օր մը առաջ ՀՄԸՄ-ի մէկ այլ պատուիրակութիւնը այցելեց Անսարի ակումբը` փոխանցելով իր շնորհաւորութիւնները վերջինիս Լիբանանի ֆութպոլի բաժակակիր հանդիսանալուն առիթով:


