«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայէրն Միւնիխ – Չելսի Աւարտական

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2011-2012 տարեշրջանը կ՛աւարտի այսօր, երբ Միւնիխի մէջ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Պայէրն Միւնիխի եւ Չելսիի միջեւ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Երբ վերջին վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ, բոլորն ալ թուաբանական հաշիւներ կատարելով եկան այն եզրակացութեան, որ աւարտական մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Պարսելոնան եւ Ռէալ Մատրիտը:

Այդ նախատեսութիւնը չիրականացաւ եւ նախապէս երկու անգամ իրարու դէմ յանդիման եկած կազմեր այսօր կը մրցին իրարու դէմ: Ցարդ տեղի ունեցած երկու մրցումները անոնց միջեւ աւարտած են իւրաքանչիւր խումբի յաղթանակով մը: Այսօր անոնցմէ մէկը պիտի արձանագրէ իր երկրորդ յաղթանակը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES