Զաուահիրի Սէուտցիներուն Կոչ Կ՛Ուղղէ Իրենց Վարչակարգին Դէմ Ապստամբելու
Իսլամական խմբաւորումներու հարցերով զբաղող ամերիկեան «Սայթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավար Այման Զաուահիրի սէուտցի ժողովուրդին կոչ ուղղած է «Արաբական գարնան» օրինակին հետեւելով սէուտական վարչակարգին դէմ «ըմբոստանալու»:
Զաուահիրի տեսերիզի մը ճամբով սէուտցիներուն կոչ ուղղած է վերջ տալու իրենց երկրին մէջ «վարկաբեկումին եւ բռնաճնշումին»` նշելով, որ արաբ ժողովուրդները շուրջ մէկ տարի առաջ իրենց ղեկավարներուն դէմ ըմբոստացան` աւելցնելով, որ «արեւմուտքի, հարաւի եւ հիւսիսի մէջ ըմբոստացան, իսկ դուք չէք շարժիր: Պատուաւո՛ր եղբայրներ, ինչո՞ւ Սէուտ ընտանիքի իշխանութեան կը համբերէք, երբ անոնք ամէնէն փտած վարչակարգերէն մէկն են»:
Զաուահիրի սէուտական վարչակարգը քննադատած է նախապէս Սէուտական Արաբիոյ մէջ ամերիկեան ուժեր հիւրընկալելուն, ժիհատականներ բանտարկելուն եւ լրատուամիջոցներու ճամբով արգիլեալ նիւթեր սփռելուն համար:


