Թուրքիա Կը Զգուշացնէ Կիպրոսը
Թրքական «Թէ. Ռէ. Թէ. Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միջերկրական ծովուն մէջ բնական կազի պեղումներու հարցին վերաբերեալ զգուշացուցած է Կիպրոսի իշխանութիւնները:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Կիպրոսի թուրքերը կղզիի բնական պաշարներուն նկատմամբ յոյներուն հաւասար իրաւունքներ ունին: Որեւէ միակողմանի մօտեցում չենք հանդուրժեր»:
Այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էօզգէօրգիւն հինգշաբթի օր յայտարարած էր, որ Կիպրոս կը շարունակէ Միջերկրական ծովուն մէջ բնական պաշարներու որոնումը:
Ան պնդած էր, որ այդ ձեւով կը խախտին Կիպրոսի թրքական հատուածի բնակիչներուն իրաւունքները, որովհետեւ իրենք եւս յայտնաբերուած քարիւղի եւ կազի պաշարներէն օգտուելու հաւասար իրաւունքներ ունին:


