Միացեալ Նահանգներու Զինուորական Ծախսերը Իրանի Հետ Պատերա՞զմ Կը Նախատեսեն

Տենիս Քուսենիչ

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի ծայրայեղ ազատական եւ այլ երկիրներու մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական գործողութիւններուն դէմ եղող, Օհայօ նահանգէն դեմոկրատ քոնկրեսական Տենիս Քուսենիչ յայտարարած է, որ  հանրապետական քոնկրեսականներու կողմէ առաջարկուած զինուորական ծախսերու մասին օրինագիծը կը դիտարկուի Իրանի հետ պատերազմ:

Ըստ անոր, փաստաթուղթին մէջ կը ներկայացուի Իրանի դէմ պատերազմի համար օդային եւ ծովային ճանապարհներով զինուորական օդուժ, սպառազինութիւն ու վառելանիւթ հասցնելու ծրագիրը: Կը նախատեսուի շրջանին մէջ ծովուժի ներկայութիւն:

«Որոշ մարդիկ կրնան ըսել, թէ այս օրինագիծը նման բան չի դիտարկեր: Սակայն այս փաստաթուղթը մեզ պատերազմի կը պատրաստէ», ըսած է Քուսինիչ:

Ան յայտնած է, որ Իրանի դէմ պատերազմը Միացեալ Նահանգներու համար աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ, այդ իսկ պատճառով վճռականօրէն դէմ է հանրապետականներու կողմէ առաջարկուած փաստաթուղթին:

Ներկայացուցիչներու տան զինեալ ուժերու հարցով յանձնախումբի հաւանութեան արժանացած նշեալ օրինագիծը 2013-ին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանական ծախսերուն համար կը նախատեսէ 642 միլիառ տոլար: Ասիկա շուրջ 1.5 անգամ աւելի է այս տարուան զինուորական պիւտճէէն եւ 3.6 միլիառ տոլարով աւելի` Օպամայի վարչակարգին առաջարկած գումարէն:

Ըստ փաստաթուղթին, գումարէն 554 միլիառ տոլարը պիտի ուղարկուի Փենթակոնին ու ուժանիւթի նախարարութեան, որ պատասխանատու է երկրի հիւլէական զէնքին, 88 միլիառ տոլարը` Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ զինուորական գործողութիւններու համար:

Թէեւ հանրապետականները քոնկրեսին մէջ աւելի շատ տեղ ունին, սակայն դեմոկրատականները մտադիր են թոյլ չտալ, որ փաստաթուղթը օրէնքի ուժ ստանայ: Բացի ատկէ, Սպիտակ տունը սպառնացած է զայն վեթոյի ենթարկել:

 

Share this Article
CATEGORIES