«Կը Կարծեմ, Որ Սուրիոյ Մէջ Ականահարումներուն Ետին Քայիտան Կը Կանգնի» Կ՛Ըսէ Քի Մուն
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ վերջին ականահարումներուն պատասխանատուն Քայիտան կրնայ ըլլալ: Ան Սուրիոյ վերաբերեալ երիտասարդներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ «քանի մը օր առաջ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական վտանգաւոր եւ մեծ յարձակում մը տեղի ունեցաւ: Կը կարծեմ, որ այդ յարձակումին ետին Քայիտան կը կանգնի»:
Ան նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ 15 ամսուան ընթացքին առնուազն 9 հազար եւ թերեւս տասը հազար մարդիկ սպաննուեցան»` կացութիւնը նկատելով «անտանելի»: Քի Մուն կոչ ուղղեց «դադրեցնելու բոլոր բռնարարքները, որ կողմէն ալ գործուին անոնք, կառավարութեան, թէ ընդդիմութեան»:
Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութեան ղեկավար զօր. Ռոպըրթ Մոտ յայտնեց, որ իր ղեկավարած պատուիրակութիւնը գետնի վրայ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ` «շնորհիւ սուրիական կառավարութեան գործակցութեան»: Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց «զէնքերը վար դնելու եւ քաղաքական երկխօսութեան սկսելու»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի «Մասրի Եոմ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին մտավախութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը բռնկումին նկատմամբ, ինչ որ դրացի երկիրներու շահերուն համահունչ պիտի չըլլայ: Ան յայտնեց, որ «եթէ Աստուած չընէ Սուրիոյ մէջ համապարփակ ճակատումներ սկսին, ատիկա ոչ ոքի ի շահ պիտի ըլլայ, իսկ եթէ քաղաքացիական պատերազմ բռնկի, ատիկա դրացի բոլոր երկիրներուն վրայ պիտի ազդէ, ուստի բոլորը կը փափաքին ատկէ զգուշանալ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ախորժակներ գրգռող քարիւղ չկայ, ուստի ով պիտի վճարէ Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցածին նման արտաքին միջամտութեան հաշիւը»:
Միւս կողմէ, սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հալէպի Տուար Շաար շրջանին մէջ ականի մը վնասազերծման ընթացքին զինուոր մը զոհուած է եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Սեւ ծովու նաւատորմիղին մաս կազմող Սաթալիվի յածանաւը հրաման ստացած է սուրիական ափերուն մօտ իր «մարտական առաքելութիւնը երկարաձգելու»: Սեւ ծովու նաւատորմիղի սպայակոյտը յայտնած է, որ «այս որոշումը տրուած է շրջանին մէջ արձանագրուած իրադարձութեանց պատճառով»: Նախապէս կը նախատեսուէր, որ յածանաւը իր առաքելութիւնը աւարտէ 15 մայիսին:
Աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնած է, որ զինուորական տեղեկահաւաքի բաժանմունքին հասած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ Միջերկրական ծովուն մէջ շարք մը երկիրներու, ներառեալ` ամերիկեան, ֆրանսական, բրիտանական եւ գերմանական մարտանաւերու նկատառելի այցելութիւններ արձանագրուած են:
«Թէ. Ռէ. Թէ. Հապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին յայտարարած է, որ Սուրիա Թուրքիոյ մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներուն կ՛աջակցի: Ան նշած է, որ յատկապէս թուրք-սուրիական սահմանին մօտ գործող խմբաւորումները կը ղեկավարուին Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:
«Չենք կարծեր, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը ահաբեկչութիւն կը ծրագրէ: Սակայն մենք հետախուզական տուեալներ ունինք այն մասին, որ Սուրիան Քրտական համայնքներու միութիւն խմբաւորման կ՛աջակցի: Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանամերձ բազմաթիւ հատուածներու մէջ զինեալները կը ղեկավարուին Սուրիոյ կողմէ», ըսած է ան:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը նշած է նաեւ, որ իրենք անվտանգութեան միջոցառումները ուժեղացուցած են եւ պատրաստ են դիմակայելու:


